Չորեքշաբթի 16, Սեպտեմբեր 2026
ԴԷՊԻ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Տ. Արամ արք. Աթէշեան այսօր կէսօրուան ժամերուն մեկնեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Նորին Սրբազնութիւնը THY-ի Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով հասաւ Հայաստան։ Ան յառաջիկայ օրերուն պիտի մասնակցի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախատեուած է՝ բարձր նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։
Տ. Արամ արք. Աթէշեան շուրջ շաբաթ մը վերջ պիտի վերադառնայ քաղաքս։ Ան ԳՀԽ-ի նստաշրջանին մասնակցութիւն պիտի բերէ՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ։
Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2026