Չորեքշաբթի 16, Սեպտեմբեր 2026
ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ ԿՈՉ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան կոչ ուղղեց, որպէսզի Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու լուծարկի եւ այդ երկրի բանակի համարկման որոշումը գործադրուի։
Հաքան Ֆիտան, որ այցելեց Դամասկոս, հանդիպումներ ունեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսատ Շէյպանիի եւ երկրի ղեկավար Ահմէտ Շարայի հետ։ Համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ֆիտան տեղեկացուց, որ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ կը ծրագրէ մօտաւոր ապագային այցելել Սուրիա։
Միւս կողմէ, Հաքան Ֆիտան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։
Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2026