ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ԶԱՆԳԸ ՀՆՉԵՑՈՒՑ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌԸ

Մխիթարեան վարժարանին մէջ 2026-2027 կրթական շրջանի առաջին զանգը հնչեց՝ բացառիկ ոգեւորութեան պայմաններու ներքեւ։ Վերամուտի հանդէսի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի Պատրիարքական կարավարիչ Տ. Վարդան թ. ծ. վրդ. Գազանճեան։ Մատակարար մարմնի ատենապետ Ռաֆֆի Ալիք եւ գործակից ընկերները, վարժարանի լիսէի բաժին տնօրէնուհի Եւա Օրագեան, միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Քաթիա Վարկը, ամբողջ ուսուցչական կազմը, աշակերտներն ու ծնողները դպրոցի պարտէզին մէջ համախմբուեցան՝ միասնաբար ողջունելու համար վերամուտը։ Գազանճեան Գերապայծառ խորհրդանշականօրէն հնչեցուց առաջին զանգը։

Յայտագրի գործադրութենէն վերջ բոլորը ուղղուեցան դէպի դասարաններ՝ բարեմաղթութիւններ փոխանակելով եւ յառաջիկայ կրթական շրջանի համար արդիւնաւէտ աշխատանքի ակնկալութեամբ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2026