ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) հերթական ժողովը՝ բարձր նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի:
Ժողովը բացուեցաւ Տէրունական աղօթքով, որմէ վերջ ԳՀԽ-ի հոգեւորական եւ աշխարհական անդամներուն իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետը՝ գնահատելով Նուիրապետական աթոռներու գահակալները, որոնք ժողովին իրենց ներկայացուցիչները պատուիրակած էին: Հարկ է նշել, որ ԳՀԽ-ի ժողովներուն Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին անունով կը մասնակցի Տ. Արամ արք. Աթէշեան:
Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ ԳՀԽ-ի անդամներուն կողմէ եկեղեցւոյ բերուած օգտակար ծառայութեան: Ան հայցեց Սուրբ Հոգւոյ առաջնորդութիւնը ժողովի աշխատանքներու բարեյաջող եւ արդիւնաւէտ ընթացքին համար:
Ըստ Ամենայն Հայոց Կաթողիկսութեան Տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան՝ քառօրեայ ժողովի օրակարգին վրայ ընդգրկուած են եկեղեցւոյ կանոնական եւ թեմական կեանքին, կանոնադրութեան, Մայր Աթոռի հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու գործունէութեան եւ համայնքներէ ներս քրիստոնէական դաստիարակութեան զօրացման վերաբերեալ հարցեր:
Քննարկամ նիւթ կը դառնան նաեւ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու առկայ հիմնախնդիրները, եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու դէմ ընթացող քրէական վարոյթներն ու 23 դատական գործերը, եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման վերաբերեալ այլ հարցեր: