Երեքշաբթի 22, Սեպտեմբեր 2026
ՄԱՀ՝ ՌԻՉԸՐՏ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է քաղաքական եւ ռազմական հարցերու գծով վերլուծաբան, փորձագէտ Ռիչըրտ Կիրակոսեան։ Այս վերջինը Թուրքիա այցելութեան օրերուն, դժբախտաբար, ունեցած էր ուղեղային խռնում մը։ Անգարայի մէջ կարգ մը շփումներ ունենալէ վերջ, Ռիչըրտ Կիրակոսեան եկած էր Իսթանպուլ, ուր ուղեղային խռնումի հետեւանքով անմիջապէս փոխադրուած էր հիւանդանոց։ Օքմէյտանըի հիւանդանոցին մէջ դարմանման տակ առնուած էր Ռիչըրտ Կիրակոսեան, որ նաեւ վիրահատութեան ենթարկուած էր։ Մասնագէտները միշտ կը յայտնէին, որ իր կացութիւնը բաւական ծանր էր։ Դժբախտաբար, իրեն ի սպաս դրուած խնամքը բաւարար չեղաւ եւ ան կնքեց իր մահկանացուն։
Երեւանի մէջ Ռիչըրտ Կիրակոսեան կը գտնուէր Տարածաշրջանային հետազօտութիւններու կեդրոնին գլուխ։
Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2026