ՌՈՒՊԻՈՅԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ շնորհաւորական մը հրապարակեց՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակման 35-ամեայ յոբելեանին կապակցութեամբ։

«ԱՄՆ Հայաստանի հետ միասին կը տօնէ անկախութեան վերականգնումէն ի վեր անցած 35 տարին եւ կ՚արժեւորէ այն զարգացումը, որ արձանագրուած է ձեր երկրին մէջ դէպի աւելի խաղաղ, բարգաւաճ եւ ժողովրդավարական ապագայ տանող ճանապարհ։ Այն պատմական յառաջընթացը, որուն մենք միասին հասած ենք անցեալ տարուայ ընթացքին, ցոյց կու տայ, թէ ինչ հնարաւոր է, երբ մենք կ՚աշխատինք յանուն խաղաղութեան եւ բարգաւաճման ընդհանուր տեսլականի։ Մենք անհամբերութեամբ կը սպասենք TRIPP-ի յառաջ մղումը, տնտեսական կապակցուածութեան ամրապնդման, ամերիկեան ներդրումներու խրախուսումը եւ Հայաստանի ու ողջ տարածաշրջանի համար նոր հնարաւորութիւններու ստեղծման աջակցիլը», նշուած է պետական քարտուղարի շնորհաւորականին մէջ։

Բաց աստի, Մարքօ Ռուպիօ նշած է, որ յաջորդ տարիներուն կ՚ակնկալեն խորացնել երկու երկիրներու միջեւ գործընկերութիւնը։ «Կը շնորհաւորեմ Հայաստանի ժողովուրդը այս կարեւոր ազգային տօնին կապակցութեամբ», նշած է ան։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2026