ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան հրապարակեց հետեւեալ պատգամը՝ Անկախութեան 35-րդ տարեդարձին առթիւ։

*

Սիրելի հայրենակիցներ,

Կը շնորհաւորեմ բոլորս Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան օրուայ եւ մեր պետութեան վերականգնման 35-րդ տարեդարձին առթիւ։ 35 տարին պետականութեան պատմութեան մէջ միաժամանակ երկար եւ կարճ շրջան մըն է։ Բաւական երկար՝ անցած ճանապարհը գնահատելու համար եւ բաւական կարճ՝ հասկնալու, որ անկախ պետութիւնը երբեք աւարտած ձեռքբերում մը չէ։ Անկախութեան օրը, հետեւաբար, միայն պատմական իրադարձութեան խորհրդանշան մը չէ։ Սա մեզի համար պատասխանատուութեան եւ պարտքի մասին մտածելու օր մըն է։

Անկախութիւնը, ազատութիւնը, ինքնիշխանութիւնն ու պետութիւնը որեւէ ժողովուրդի համար հիմնարար եւ անփոխարինելի արժէքներ են։ Հայ ժողովուրդը հազարամեակներու պատմութեան ընթացքին անցած է պետականութեան կորուստի ու վերականգնման, վերելքի եւ ծանրագոյն փորձութիւններու ընդմէջէն։ Այսօր մենք ունինք այն, ինչի համար սերունդներ շարունակ պայքարած են՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։

Հայաստանի Հանրապետութիւնը պարզապէս մեր ներկայի պետական կազմակերպութիւնը չէ։ Այն հայ ժողովուրդի պատմական շարունակականութեան այսօրուայ իրականութիւնն է եւ աշխարհասփիւռ հայութեան՝ սեփական պետութիւն ունենալու դարաւոր ձգտման մարմնաւորումը։ Այդ պատճառով պետութիւնը մեզմէ իւրաքանչիւրին համար ո՛չ միայն իրաւունք է, այլեւ պարտաւորութիւն։

Անկախութիւնը սեփական ճակատագիրը տնօրինելու եւ անոր հետեւանքներուն համար պատասխանատուութիւն կրելու կարողութիւնն է։ Ազատութիւնը սեփական որոշումները կայացնելու եւ անոնց պատասխանատուութիւնը ստանձնելու հնարաւորութիւնն է։ Ինքնիշխանութիւնը սեփական շահերը ձեւակերպելու եւ պաշտպանելու քաղաքական կարողութիւնն է։

Ուստի, պետականութիւնը անգամ մը ձեռք բերուած եւ մէկընդմիշտ պահպանուած արժէք մը չէ։ Այն ամէն օր ստեղծուող եւ ամրապնդուող իրականութիւն մըն է։

Այսօր մենք իրաւունք ունինք մեր պետութեան մասին խօսելու բաց եւ անկեղծ՝ տեսնելու ձեռքբերումները, ընդունելու դերութիւններն ու չկատարուած աշխատանքը։ Անոնք շատ են։ Բայց, մեր պետութեան իսկ նկատմամբ պատասխանատուութիւնը մեզ կը պարտաւորեցնէ զանոնք լուծել ո՛չ միայն իրարմէ հեռանալով, այլ աշխատելով՝ տարբեր կարծիքներով, բանավէճով եւ քաղաքական մրցակցութեամբ։

Այս տարուայ յունիսին տեղի ունեցած Ազգային ժողովի ընտրութիւնները Հայաստանի քաղաքական կեանքի կարեւոր հանգրուան էին։ Ժողովրդավարական գործընթացը կը շարունակուի եւ ընտրութիւններու արդիւնքը նոր քաղաքական պատասխանատուութիւններ կը ձեւաւորէ։ Մենք կրնանք տարբեր կերպով պատկերացնել Հայաստանի ապագան, ունենալ տարբեր քաղաքական հայեացքներ ու լուծումներ, բայց, այդ տարբերութիւններու հիմքին պէտք է մնայ մէկ ընդհանուր արժէք՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։

Այսօր կը փոխուի աշխարհը, կը փոխուի մեր տարածաշրջանը, կը փոխուին անվտանգութեան, տնտեսութեան եւ զարգացման պայմանները։ Այս իրողութիւնները դիմագրաւելու համար Հայաստանին անհրաժեշտ է ըլլալ ճկուն՝ առանց կորսնցնելու իր սկզբունքայնութիւնը եւ ամուր՝ առանց կորսնցնելու փոխուելու կարողութիւնը։

Մենք կրնանք եւ պէտք է փոխենք քաղաքակութիւններ, բարեփոխենք հաստատութիւններ, գտնենք նոր լուծումներ։ Բայց, անկախութիւնը, ազատութիւնը, ինքնիշխանութիւնն ու պետականութիւնը չեն կրնար ըլլալ իրավիճակային արժէքներ։

Մեր բոլոր որոշումներու չափանիշը պէտք է ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական ու հանրային շահը։

Անկախութեան 35-րդ տարեդարձը մեզ կը պարտաւորեցնէ երբեք չմոռնալ, թէ ուրկէ եկած ենք, ոգիով, հաւատով ու խիզախութեամբ ամրագրած, թէ ինչ պետութիւն կ՚ուզենք թողել յաջորդ սերունդներուն։

Մեր պատասխանատուութիւնն է անոնց փոխանցել ո՛չ միայն անկախ պետութիւն ունենալու փաստը, այլեւ ինքնիշխան, ազատ, ժողովրդավարական եւ կարողունակ պետութիւն՝ իր ապագան ինքնուրոյն կերտելու ներուժով։

Եթէ 35 տարի առաջ անկախութիւնը մեր ժողովուրդի պատմական վճիռն էր, ապա այսօր մեր խնդիրը այդ վճիռը ամէն օր բովանդակութեամբ լեցնելն է։ Սա է անկախութեան իմաստը։ Սա է մեր պետական պարտքը։

Կը շնորհաւորեմ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը Անկախութեան օրուան առթիւ։ Խաղաղութիւն եւ ամրութիւն մեր պետութեան, ազատութիւն եւ արժանապատուութիւն՝ մեր քաղաքացիներուն։ Փառք նահատակներուն եւ կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2026