«ԱՆՍԿԶԲՈՒՆՔ ԵՒ ԱՆՆԿԱՐԱԳԻՐ ԱՆՀԱՏՆԵՐ»
Նորի եւ հինի պայքարի մէջ միշտ եղած ենք հինին կողմնակից, որովհետեւ կը հաւատանք, որ նորը շատ մը կարեւոր արժէքներ զարգացնելու եւ բարւոքելու փոխարէն՝ հակառակ ազդեցութիւն կ՚ունենայ եւ ձեւով մը հինին հանդէպ կապուածութիւն մը կ՚ունենանք՝ որպէսզի նորին մէջ չցնդինք ու չանհետանանք: Այս մէկը գուցէ լոկ հայերուն յատուկ երեւոյթ մը չըլլայ, որովհետեւ ամէն ժողովուրդ իր հինին մէջ կը գտնէ արժէք մը՝ որ այսօր կորսնցուցած է։ Հինը, սակայն, որոշ արժէքներու նկատմամբ որոշ զգայնութիւն ստեղծելու կողքին կու գայ փաստելու, որ ներկայի մէջ տեղ գտած շատ մը սխալներ իրականութեան մէջ ունին տասնամեակներու՝ գուցէ դարերու անցեալ մը։ Այդ է պատճառը, որ կապուածութիւն մը կը զգանք հինին՝ մանաւանդ հին հրապարակախօսութիւններուն հանդէպ, որովհետեւ ամբողջութեամբ նոյն վիճակին մէջ է, որ կ՚ապրինք՝ ինչպէս անցեալին:
Ահաւասի՛կ, նոյն այդ սխալներէն մէկը, որ աւելի քան դար մը առաջ գոյութիւն ունէր։ Մեր դիմաց ունինք մեր թուականէն 104 տարիներ առաջ՝ 1922 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հրատարակուած «Ազատ Կարծիք» պաշտօնաթերթի առաջին թիւը (Ա. թիւ, ապրիլ, 1922), որուն 4-րդ էջին մէջ տքթ. Կ. Գալուստեանի ստորագրութեամբ հրատարակուած կը գտնենք «Մեծ մարդոց դերը մեր ազատագրութեան մէջ» խորագրեալ յօդուած մը (Գալուստեանի այս յօդուածը առաջին հերթին լոյս կը տեսնէ «Յուշարար»ի մէջ), իսկ ի՞նչն է, որ այս յօդուածը յատուկ կը դարձնէ։ Ըսե՛նք. ամբողջութեամբ կը խօսի այն վիճակին մասին, որ այսօր կ՚ապրինք՝ ի տարբերութիւն թուականներու։ Կարդանք.
«Պէտք է խոստովանիլ, որ մեր ազգային դժբախտութիւնները մեծ մասամբ արդիւնքն են անսկզբունք եւ աննկարագիր անհատներու ազգաւեր արարքներուն: Մենք լալկան մանուկներու նման՝ միշտ ուրիշը պատճառ բռնած ենք մեր ձախորդութեանց, միշտ անիծած ենք մեծ ու պզտիկ բոլոր ազգերը, որոնք չեն շարժիր մեզի ի նպաստ եւ, սակայն, երբեք չենք տեսներ մեր ներքին ծանրակշիռ սխալները, որոնք մեզ անդունդէ անդունդ գլորած են»: Վերջին տասնամեակին հայ ժողովուրդը ապրեցաւ լուրջ տագնապներ եւ կրեց լուրջ պարտութիւններ (թէեւ շատեր ստեղծեցին «եթէ չըսես պարտուեցայ՝ պարտուած չես ըլլար»ի փիլիսոփայութիւնը)։ Այսօր, այդ բոլորէն ընդամէնը մի քանի տարիներ ետք նոյն սխալը կը կրկնենք ազգովին՝ ինչ որ կ՚ընէինք 104 եւ աւելի տարիներ առաջ։ Հայաստանի վերջին պարտութիւններուն համար կը մեղադրենք ռուսը, կը մեղադրենք ՄԱԿ-ը՝ իր լռութեան համար, կը մեղադրենք բոլոր անոնք, որոնք անուանապէս դաշնակից, սակայն, իրականութեան մէջ անտարբեր մնացին: Անշուշտ, եղած ու վերջացած դժբախտութեան մէջ նստիլ ամբաստանեալներ գտնելը ազգի մը համար այնքան ալ իմաստ մը պիտի չունենայ, որովհետեւ մէկ կամ մի քանի մեղաւորներու «բացայայտում»ը եղած իրողութենէն բան մը պիտի չկարենայ փոխել։ Միակ փոփոխութիւնը՝ որ ազգը պիտի կրնայ ապրիլ՝ իր ապագայ որոշումներն ու դրսեւորումներն են, այլապէս պատահած դժբախտ մահէ մը ետք բժիշկը մեղադրելը, նոյնիսկ մահապատիժի արժանացնելը մեռածը ետ աշխարհ պիտի չվերադարձնէ:
Հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութիւնը՝ իր բացասական ամբողջ երեւոյթներով հայ ժողովուրդին չկրցաւ սորվեցնել հետեւեալը. օտար ազգեր՝ ի՛նչ դաշինքներ ալ կնքեն, ինչ համաձայնութիւններ ու պայմանագրեր ալ ստորագրեն՝ վերջաւորութեան պիտի հետապնդեն իրե՛նց սեփական շահերը: Մարդկային պատմութիւնը փաստ է, որ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ միայն շահն է մնայունը եւ ո՛չ բարեկամութիւնը։ Երբ շահերը փոփոխութիւններ պահանջեն՝ այսօրուան դաշնակիցը շատ դիւրին կրնայ մրցակից, կրնայ հակառակորդ դառնալ։ Հետեւաբար, ուրիշներուն «խոստում»ներուն վրայ հիմնուելով ու վստահելով ազգ մը չի՛ կրնար իր գոյութիւնը ապահովագրել։ Ամէ՛ն ազգ՝ անկախ իր ունեցած դիւանագիտական կապերէն՝ պատասխանատուն է իր գոյութեան։ Դաշինքը, պայմանագիրը կամ քաղաքական խոստումները երբեք երաշխիք չեն եղած ու չեն կրնար ըլլալ։ Երբ շահերը կը փոխուին՝ կը փոխուի նաեւ իմաստն ու բովանդակութիւնը պայմանագրերուն: Մենք ալ կը հաւատանք, որ միջազգային յարաբերութիւնները աւելի քան երբեք կարեւոր են։ Մենք ալ գիտենք, որ դիւանագիտութիւնը փոքր ազգերու համար կարեւոր ու անհրաժեշտ են, սակայն, սեփական գոյութեան պատասխանատուն չեն կրնար ըլլալ։ Կայ մեծ տարբերութիւն զօրաւոր դաշնակից ունենալու եւ զօրաւոր ըլլալու միջեւ. դաշնակցին հզօրութիւնը սեփական հզօրութիւնը չ՚ապահովեր։ Պետութիւն մը ի՛նք պարտի ունենալ ներքին ամրութիւն. ներքին ամրութիւն ըսելով կը հասկնանք տնտեսական կարողութիւն, պաշտպանողական ուժ, դիւանագիտութիւն եւ այս բոլորէն վեր ու առաջ ազգային միասնականութիւն, որովհետեւ եթէ ազգ մը չունենայ այս բոլորը, ապա դաշնակիցէ աւելի կը դառնայ խնդրող ու հայցող եւ ո՛չ գործակից: Եթէ անզօր պետութիւն մը իր գոյութեան ապահովութեան համար դաշինք կը կնքէ աւելի զօրաւոր պետութեան մը հետ՝ ապա գործակից չի դառնար, որովհետեւ այդ մեծ ու հզօր պետութիւնը իր սեփական կապերն ու յարաբերութիւնը վտանգելու հաւանականութիւնը յանձն չ՚առներ աւելի անզօր ազգի մը շահերը պաշտպանելու համար:
Այս սխալը սրբագրելու համար առաջին հերթին պէտք է ընդունիլ հետեւեալը. պարտուեցանք՝ որովհետեւ չէինք պատրաստուած. պարտուեցանք՝ որովհետեւ տասնամեակներ շարունակ բանակը հզօրացնելու եւ ազգովին մէկ բռունցք դառնալու փոխարէն ըրինք այն բաները՝ որոնք պէտք չէ ընէինք. պարտուեցանք՝ որովհետեւ տկար էինք։ Մինչեւ այս ճշմարտութեան գիտակցութիւնը չունենանք, դէպի հզօրացում, դէպի միասնութիւն պիտի չկարենանք առաջնորդուիլ։ Այո՛, պետութեան գլուխը գտնուող իշխանութիւնը իր սխալները կ՚ունենայ, սակայն, տկարացումը հաւաքական մեղք է եւ անոր մեղաւորը մէկ կամ մի քանի հոգիներ չեն կրնար ըլլալ:
•շարունակելի…
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Համեստ
մարդիկ անոնք են, որոնք հոգեկան կարիքը չեն զգար արտաքին յենարաններու, որովհետեւ ներքնապէս գոհացած են: Եթէ կ՚ուզէք՝ բուն հպարտները իրենց արժէքին գիտակից եւ այդ արժէքով գոհացած համեստներն են: Ինչո՞ւ հպարտութիւն պիտի ծախէ մէկը, որ ներքին աշխարհ մը ունի, ներքին հարստութիւն մը: Հոգեպէս աղքատներն են, որ հպարտանքի ցուցադրական արտայայտութիւններուն մէջ կ՚որոնեն իրենց չունեցածը, իրենց ինքնամխիթարութիւնը:
ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան