ՎԱՐՉԱՊԵՏ.«TRIPP-Ը ՆՈՐ ԴԱՐԱՇՐՋԱՆ ԿԸ ԲԱՆԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ԵՒ ԱՆՈՐ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ TRIPP նախագիծը նոր դարաշրջան պիտի բանայ երկրին ու տնտեսութեան համար։

Երէկ, Նիկոլ Փաշինեան Նիւ Եորքի մէջ մասնակցեցաւ՝ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի շրջանակներէն ներս նախատեսուած «Քոնքորտիա» տարեկան գագաթաժողովի ասուլիսին։ ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման փուլին զուգադիպած այս ձեռնարկի ընթացքին ան պատասխանեց նիստավարի զանազան հարցումներուն։ Այսպէս, Նիկոլ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ ներկայիս աշխատանքները կեդրոնացած են TRIPP նախագծի իրականացման վրայ եւ շնորհիւ այս մէկուն լիարժէք պիտի ապահովուի տարածաշրջանային կապակցուածութիւնը։

Հաւաքոյթի ընթացքին Փաշինեան խօսեցաւ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան եւ Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն մասին։ Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ տեղական թեքնոբանութիւններու ոլորտի զարգացումներուն։ Ան նշեց, որ Հայաստանէ ներս կան յաջող զարգացումներ, որոնք կը համարուին տնտեսութեան կարեւոր մաս։ Բաց աստի, վարչապետը համոզուած է, թէ խաղաղութեան հաստատմամբ Հայաստանի ներդրումային գրաւչութիւնը հետեւողականօրէն կ՚աճի։ Ան պատասխանեց նաեւ ուժանիւթի ոլորտէ ներս ինքնաբաւութեան հնարաւորութեան վերաբերեալ հարցումներու։ Վարչապետը նշեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի շարունակէ խորացնել հաւասարակշռուած եւ հաւասարակշռման իր արտաքին քաղաքականութիւնը:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2026