ՆԻՒ ԵՈՐՔԷՆ ՊԱՏԳԱՄ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը յառաջ կը տարուի վճռականութեամբ։
Երէկ, նախագահ Էրտողան ելոյթ մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի նոր՝ 81-րդ նստաշրջանի բացման առթիւ գումարուած ընդհանուր ժողովի ընթացքին։ Նիւ Եորքի մէջ Էրտողան ունեցաւ ծաւալուն ելոյթ մը։ Ան ՄԱԿ-ի ամպիոնէն յայտնեց, որ Անգարա շատ յստակ հայեացք մը ունի Հարաւային Կովկասի պարագային։ «Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ մշտական խաղաղութեան հաստատումը մեր մաղթանքն է», ըսաւ ան՝ ընդգծելով, որ թրքական կողմը կը գնահատէ եւ կը խրախուսէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ ի յայտ բերուած լուծման կամքը։ Հայկական լրահոսին մէջ լայն արձագանգ գտած է Էրտողանի յայտարարութիւնը, ըստ որու՝ Թուրքիա եւ Հայաստան զարգացում արձանագրած են՝ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս։ Հանրապետութեան նախագահին կողմէ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն դրական գնահատական հնչեցուած է Անգարա-Երեւան կարգաւորման կապակցութեամբ։
Էրտողան Նիւ Եորքի ելոյթին ժամանակ քննադատական մօտեցումներով արտայայտուեցաւ նաեւ միջազգային համակարգին շուրջ։ «Մենք պարտաւոր ենք փոխելու այն հասկացութիւնը, որով միջազգային իրաւունքը հզօրին տարբեր, իսկ տկարին աւելի տարբեր կը կիրարկուի», ըսաւ Էրտողան եւ ընդգծեց, որ անպատժելիութիւնը հետզհետէ կը դառնայ ընթացիկ եւ առկայ իրավիճակին մէջ միջազգային համակարգը դատապարտուած է փտելու։
ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ունեցած ելոյթին առընթեր, Էրտողան Նիւ Եորքի մէջ ունեցաւ բազմաթիւ երկկողմանի շփումներ։ Ան աշխարհի զանազան երկիրներու ղեկավարներուն հետ մէկտեղուելով քննարկեց միջազգային օրակարգի հրատապ խնդիրները։ Այս ամբողջին մէջ նախագահ Էրտողան մասնակցեցաւ Արաբական ծոցի երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի ղեկավարներու խորհրդակցութեան, որ ձօնուած էր Իրանին։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի գլխաւորութեամբ գումարուեցաւ այս ժողովը, որու ներկաներու շարքին էր նախագահ Էրտողան, որ այս հարթութեան վրայ ալ արծարծեց Կազզէի ճգնաժամային կացութիւնը։
Միւս կողմէ, Նիւ Եորքի մէջ Էրտողանի ընկերակից պատուիրակութեան կազմին մէջ է արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, որ եւս երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափով բազում հանդիպումներու կը մասնակցի։ Այս ամբողջին մէջ Հաքան Ֆիտան Նիւ Եորքի մէջ մասնակցեցաւ՝ «Թուրքիա-ԱՄՆ յարաբերութիւնները 100-ամեակի շեմին» խորագրեալ հաւաքոյթի մը։ Նախարարը այս փուլին նշեց, որ թէ՛ Թուրքիա եւ թէ ԱՄՆ կ՚աջակցին Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին։ Իր խօսքով՝ Անգարա եւ Ուաշինկթըն կը համագործակցին՝ Մերձաւոր Արեւելքէն մինչեւ Հարաւային Կովկաս եւ Պալքաններ՝ տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերու շուրջ։ «Կողմերը նաեւ կ՚աջակցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին եւ կը համակարգեն իրենց գործողութիւնները Հարաւային Կովկասի հարցերուն շուրջ», ընդգծեց նախարար Հաքան Ֆիտան։
