«ԱՆՍԿԶԲՈՒՆՔ ԵՒ ԱՆՆԿԱՐԱԳԻՐ ԱՆՀԱՏՆԵՐ»

Այո՛, մեր ազգային դժբախտութիւնները մեծ մասամբ արդիւնքն են անսկզբունք եւ աննկարագիր անհատներու ազգաւեր արարքներուն։ Հայ ժողովուրդը գրեթէ բոլոր ժամանակաշրջաններուն ունեցած է դաւաճաններ, որոնք սեփական շահը ազգային ու հաւաքական շահէն շատ աւելի վեր նկատած են, սակայն, մեր պարտութեան հիմնական պատճառը եւս այդ դաւաճաններու գոյութիւնը չէ։ Մենք կը պարտուինք, որովհետեւ չունինք գիտակցութիւնը առաջնահերթութիւնները ճանչնալու։ Ահաւասի՛կ, վերջին ամօթալի պարտութենէն անցած է արդէն մի քանի տարի եւ նոյն խայտառակ վիճակը կը տիրէ։ Միմեանց մեղադրել ու այդ պարտութեան ամօթը մէկու մը վրայ բարդել կը փորձենք, մինչ լուծումը ամբողջութեամբ այլ տեղ է։ 1922 թուականին, տքթ. Գալուստեան կը գրէր լուծումը. «Ծանրանալ ապագայ կարելիութեանց եւ յուսալից ակնկալութեանց վրայ, քանզի դարձեալ մերն է վաղը, եթէ այս օրուընէ սկսեալ քալենք շիտակ ուղիէն, դէպի այն լուսաշող հեռակէտը, ուր կը հասնին բոլոր ազգերը, որոնք իրենց ներքին հիւանդութիւններէն բուժուած՝ իրենց ծոցէն մեծ հոգիներ դուրս բերած են»: 

Այո՛, Գալուստեանի այս տողերը քիչ մը վերացական ու քարոզաշունչ կրնայ թուիլ, սակայն, պարտուած ազգի մը պարագային մեծագոյն լուծումն է։ Գուցէ օրինակը յարիր չըլլայ, սակայն, մարզիկներ՝ որոնք մրցումներու ընթացքին պարտութիւն կը կրեն, մեղաւորներ փնտռելու փոխարէն՝ կը նուիրուին բուռն աշխատանքի, որովհետեւ լաւապէս կը գիտակցին, որ յաղթանակին տիրանալը ո՛չ թէ մեղաւորներ փնտռելով կ՚ըլլայ, այլ շատ աւելի աշխատելով։ Նոյն այդ պարտուած մարզիկին վիճակը մե՛նք ունինք։ Այսօր պարտուիլ, յաւիտեան պարտուած ըլլալ չի՛ նշանակեր, այդ իսկ պատճառով, պէտք է ազգովին պահ մը զիրար մեղադրելը ձգելով՝ հաւաքական հեռանկար մը ճշդենք եւ մեր բոլոր աշխատանքները, մեր բոլոր որոշումները դէպի այդ հեռանկար քայլ մը աւելի մօտիկ երթալ թող ըլլայ: 

Մենք կը կարծենք, որ այսօր ամէն բանէ աւելի մեր ազգին պէտք են միջոցներ, պէտք են նիւթական կարելիութիւններ եւ հնարաւոր ամէն բան, որ հայոց բանակը կրնայ զօրացնել։ Այս բոլոր կարեւոր միջոցները, սակայն, երկրորդական կը նկատենք, որովհետեւ այս բոլորը լաւագոյնս ի գործ դնելու համար մեզի շատ աւելի անհրաժեշտ են նուիրեալ, գիտակից սերունդներ. մեզի պէտք են սերունդներ, որոնք հաւաքական նպատակը շատ աւելի վեր կը գնահատեն՝ քան սեփական կամ կուսակցական շահերը:

Մեր ազգը այսօր կը փնտռէ «ո՞վ է մեղաւոր»ին պատասխանը։ Մինչ պարտութենէն ետք միայն մէկ բան պէտք է մտածել. «ի՞նչ պէտք է փոխել՝ որպէսզի նոյն վիճակին մէջ դարձեալ չյայտնուինք»։ Այսօր որպէս աշխարհի մեծագոյն ազգերը ներկայացող շատ մը պետութիւններ իրենց պատմութեան մէջ ապրած են բազմաթի՜ւ ամօթալի պարտութիւններ. պատմութեան ընթացքին ամէ՛ն ազգ ապրած է պարտութիւնը, ամէ՛ն ազգ կորսնցուցած է տարածքներ. բազմաթի՜ւ ազգեր դիմագրաւած են տնտեսական դժուարութիւններ, սակայն, այդ դժբախտութեանց մէջ գտնուիլը ապագայ լաւատես ու դրական յաղթանակները չեն կրնար քօղարկել։ 1945 թուականի Ճաբոնի վիճակը լաւագոյն օրինակն է հասկնալու համար այս բոլորը։ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք Գերմանիոյ վիճակը լաւագոյն օրինակն է: Պէտք է հասկնալ, որ դժուարութիւններն ու պարտութիւնները ազգի մը պատմութեան վերջին էջը կը դառնան միայն այն ժամանակ, երբ ազգը ի՛նք չուզէ նոր յաղթանակի էջեր ստեղծել: 

Օրինակը վերցնենք մեր վրայ. 1918 թուականին, հակառակ տիրող պայմաններուն, հայ ժողովուրդը յաջողեցաւ իր անկախութիւնը հռչակել, սակայն, ինչ-ինչ պատճառներով երկար կեանք չունեցաւ։ Մեր ազգը դարձեալ յայտնուեցաւ օտարի լուծին տակ։ Խորհրդային Միութեան տարիներուն ո՞վ կրնար պատկերացնել, թէ կրնան գալ այնպիսի օրեր, երբ Հայաստան դարձեալ իր անկախութեան պիտի արժանանար։ Նոյն մտածումով իւրաքանչիւր պարտութիւն պէտք է նկատել ապագայ յաղթանակի համար եղած դասընթացք եւ այս բոլորը լաւագոյնս արժեւորելու համար հայ ժողովուրդը կարիքն ունի իմաստուն առաջնորդներու։ Ի դէպ, առաջնորդ ըսելով քաղաքական գործիչ նկատի չենք ունենար, որովհետեւ կը հաւատանք, որ ազգի մը ապագային մէջ մեծ դեր ունի մտաւորականութիւնը եւ հետեւաբար ազգային իւրաքանչիւր աշխատանքի մէջ՝ քաղաքական թէ այլ, մտաւորականութիւնը պէտք է ունենայ իր ծանրակշիռ տեղը։ Մեզի այսօր մտաւորական հայերէ աւելի պէտք են անձեր, որոնք այս կամ այն կուսակցութեան, այս կամ այն խմբակցութեան շահերը չեն հետապնդեր։ Մենք այսօր այնպիսի վիճակի մը մէջ ենք, որ միակ շահը մեր գոյութեան գրաւականը պէտք է ըլլայ։ Ի՞նչ նշանակութիւն ունի այս կամ այն կուսակցութեան «յաղթանակ»ը, եթէ հայ ժողովուրդի ապագան կը շարունակէ մնալ վտանգուած: Առ այդ, մեզի պէտք է վերագտնել ազգային առաջնահերթութիւններու գիտակցութիւնը։ Ժողովուրդի մը ապագան կուսակցական շահերը չեն ապահովեր։ Երկարաժամկէտ ու հաւաքական նպատակներ պէտք է գոյութիւն ունենան. այնպիսի նպատակներ՝ որոնք կարենան ի մի համախմբել սփիւռքն ու Հայաստանը, բոլոր կուսակցութիւնները, որովհետեւ այն պայքարը, զոր մեր կուսակցութիւնները ի գործ կը դնեն զիրար տապալելու համար, շա՜տ դիւրաւ կրնար թշնամին տապալել:

•​շարունակելի… 

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Բարիք մը չէ բժշկել վիրաւորեալ մը, զայն յետոյ խողխողելու համար:

ՏԻԳՐԱՆ ԿԱՄՍԱՐԱԿԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2026