ԲԱՐԻ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

«Արդարեւ, թէպէտ ազատ էի, ոեւէ մէկուն ենթակայ չէի, բայց ինքզինքս բոլորին ծառայ դարձուցի՝ որպէսզի շատերը սիրաշահիմ։ Հրեաներուն հետ հրեայի պէս եղայ՝ որպէսզի հրեաները սիրաշահիմ, այսինքն՝ Մովսիսական Օրէնքին ենթակայ մարդոց հետ՝ Օրէնքին ենթակայ մարդու պէս ապրեցայ, հակառակ այլեւս այդ Օրէնքին ենթակայ չըլլալուս, որպէսզի Օրէնքին ենթակայ եղողները սիրաշահիմ։ Մովսիսական Օրէնքը չճանչցող հեթանոսներուն հետ՝ հեթանոսի պէս եղայ, զանոնք եւս սիրաշահելու համար։ Ո՛չ թէ Աստուծոյ Օրէնքէն դուրս եկայ, այլ՝ Քրիստոսի օրէնքին ենթարկուեցայ։ Հաւատքով տկարներուն հետ՝ տկարի պէս եղայ, որպէսզի զանոնք ալ սիրաշահիմ։ Մէկ խօսքով, ամենուն հետ ամէ՛ն ինչ եղայ, որպէսզի ամէն գնով կարենամ ոմանք փրկել, ապրեցնեմ…»։ Այսպէս կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ կորնթացիներու գրած իր առաջին նամակին մէջ. (Ա ԿՈՐՆԹ. Թ 19-22)։

Արդարեւ, գաղափարի մը հակառակող մէկը համոզելու միջոց մը, ճամբայ մըն է ինքզինք անոր պէս ձեւացնել, անոր մտածումներուն եւ զգացումներուն հաւանութիւն յայտնել՝ անոր պէս ըլլալ եւ կերպով մը համաձայնած երեւիլ անոր հետ։ Բայց նաեւ չշեղիլ իր սկզբունքներէն եւ հաւատալիքներէն, համոզումներէն։ Անշուշտ, ասիկա հմտութիւն, ճարպիկութիւն եւ մանաւանդ խոր փորձառութիւն կը պահանջէ։ Նաեւ՝ զօրաւոր նկարագի՛ր։ Ուստի, հակառակորդին պէս ըլլալ եւ այդպէս ձեւացնել, բայց ի վերջոյ իրապէս ըլլալու վտանգը միշտ ի մտի ունենալու է, քանի որ այդ ո՛չ թէ օգուտ, այլ վնա՛ս կը պատճառէ։

Ակնյայտ է, որ այս կերպով մօտեցում մը անկեղծութեան սկզբունքին ներհակ է ըստ երեւոյթին։ Սակայն, մէկու մը հետ լաւ յարաբերութիւններ մշակելու համար պէտք է անոր հոգիին եւ մտքին թափանցել, անոր պէս խորհիլ, անոր պէս զգալ։ Առանց հասկնալու, հասկցուիլ կարելի չ՚ըլլար…

Ուրեմն, հարցին պէտք է մօտենալ հասկացողական համակրանքով, քանի որ գաղափար մը դէմ գաղափարի մը առջեւ պաշտպանելու լաւագոյն միջոցը՝ զայն լաւ հասկնալն է։ Ոմանք, «հակառակորդին պէս ըլլալ»ը՝ կրնան խարդախութիւն, դաւադրութիւն, դիմակաւորուիլ սեպել, բայց ասիկա երբ բարի եւ օգտակար նպատակի մը համար կ՚իրագործուի, պէտք է արգելք համարուի։ Ուստի, պատմութեան մէջ յաճախ գործածուած եւ արդիւնալի եղած է այս գործելակերպը՝ բա՛ւ է, որ շահագործուի եւ յետին նպատակներու չծառայէ ան…

Ուստի, այս գործելակերպը պէտք չէ շփոթել խաբէութեան հետ եւ ալ Էպիկիւրեան մտածողութեան հետ՝ որ նպատակի մը հասնելու համար ամէն միջոց արդար եւ իրաւացի կը նկատէ։

Սա անուրանալի է, որ ընդհանրապէս մարդիկ իրենց պէս եղողներուն իրենք զիրենք աւելի մօտ կը զգան եւ օտարներու հանդէպ՝ հեռո՛ւ։ Եւ այս պատճառով, Պօղոս առաքեալի խօսքերը պէտք է այս ուղղութեամբ հասկնալ։ Այս կը նշանակէ, թէ ամէն միջոց պէտք է գործածել հոգիներ շահելու համար՝ առանց իր անձը, իր անձին շահը եւ հանգիստը փնտռելու։

Յիսուս Իր աշակերտները ընտրեց անհաւանական վայրերէ։ Ան չփնտռեց կրօնական դպրոցներու մէջ ուսում առած մարդիկ, ո՛չ ալ բարձր դիրք, աստիճան եւ պաշտօն ունեցող մարդիկ, ո՛չ ալ ճարտար հռետորներ։ Ան հրաւիրեց պարզ համեստ ձկնորսներ։

Ուստի, Աստուծոյ գործերը յաճախ կը կատարուին անհաւանական վայրերէ եկած պարզ եւ համեստ մարդոց կողմէ։ Աստուած կը գործածէ սովորական մարդիկը արտասովոր գործեր կատարելու համար։ Եթէ մարդկութեան ծառայելու, օգտակար ըլլալու համար մեծ գործի լծող դրդապատճառը Աստուծոյ հանդէպ մեր ունեցած անկեղծ սէրն է, ալ ո՛չ մէկ բան կրնայ արգիլել մեզ, մեր նմանը, մեր «միւս»ը եղող մարդոց ծառայել։

Եկեղեցական պատմութեան մէջ կը տեսնենք անհամար օրինակներ եւ վկայութիւններ՝ առաջին դարէն մինչեւ մեր օրերը։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2026