ԵՐԲ ԽԻՂՃԸ ԿԸ ԼՌԷ, ԻՍԿ ԱՄՕԹԸ ԿԸ ԿՈՐՍՈՒԻ

«Մարդոց չար ըլլալը տեսնելը զիս չի զարմացներ, բայց երբ կը տեսնեմ, թէ անոնք այդ պատճառով բնաւ չեն ամչնար, ապշած կը մնամ», կ՚ըսէ Կէօթէ։

Մարդկային բնաւորութեան ամենէն դժուար ըմբռնելի երեւոյթներէն մէկը, թերեւս, չարութիւնն իսկ չէ, այլ այն հանգստութիւնը, որով մարդիկ կրնան չարութիւն գործել՝ առանց իրենց ներսը փոքրագոյն անհանգստութիւն մը զգալու։ Կարծես խղճմտանքը այլեւս մարդկային հոգիին անբաժանելի մասը չէ, այլ մոռցուած յիշողութիւն մը, որուն գոյութիւնը շատերու համար նոյնիսկ անհրաժեշտ չի թուիր։ Երբեմն մարդուն արարքները կրնան մեզ վիրաւորել, յուսախաբել կամ նոյնիսկ կոտրել մեր վստահութիւնը, բայց այս բոլորը, որքան ալ ցաւալի ըլլան, թերեւս մարդկային թուլութիւններու սահմաններուն մէջ կրնան տեղաւորուիլ։ Իսկ երբ այդ արարքներուն կը յաջորդէ անտարբերութիւնը, երբ մարդ ո՛չ միայն չի զղջար իր պատճառած ցաւին համար, այլեւ իր ըրածը կը նկատէ բնական, արդար կամ նոյնիսկ հպարտանալու արժանի բան մը, այն ատեն կը սկսինք հարցնել, թէ ի՞նչ պատահած է մեր մարդկայնութեան։

Մարդիկ միշտ չար եղած են։ Պատմութիւնը լի է անարդարութիւններով, դաւաճանութիւններով, դաժանութիւններով եւ այնպիսի արարքներով, որոնց դիմաց մարդկային միտքը մինչեւ այսօր կը դժուարանայ գտնել բաւարար բացատրութիւն մը։ Սակայն, իւրաքանչիւր ժամանակաշրջանին գոյութիւն ունեցած է նաեւ խիղճը՝ այդ լուռ ձայնը, որ մարդուն կը յիշեցնէ, թէ ինք ուրիշի ցաւին համար պատասխանատու է՝ թէ՛ իր ազատութիւնը չի նշանակեր ուրիշին արժանապատուութիւնը խախտելու իրաւունք եւ թէ ամէն ինչ, որ կարելի է ընել, անպայման պէտք չէ ընել։ Մարդ կրնայ սխալիլ, կրնայ տրուիլ իր բարկութեան, նախանձին կամ անձնական շահերուն, կրնայ նոյնիսկ ծանր սխալներ գործել։ Բայց խղճմտանք ունեցող մարդը, ուշ կամ կանուխ, կը վերադառնայ իր արարքներուն, կը փորձէ հասկնալ իր պատճառած ցաւը եւ առնուազն ինքնիրեն հետ ազնիւ ըլլալ։ Իսկ այն մարդը, որ իր սխալին մէջ երբեք սխալ չի տեսներ, իր դաժանութեան մէջ՝ դաժանութիւն եւ իր անարդարութեան մէջ՝ անարդարութիւն, կարծես կորսնցուցած է ինքնաճանաչման ամենէն կարեւոր բանալիներէն մէկը։

Իրականութեան մէջ, ամօթը միայն հասարակութեան կողմէ պարտադրուած զգացում մը չէ։ Ան մեր ներքին դատաւորն է, որ կը գործէ նոյնիսկ այն ատեն, երբ ո՛չ ոք մեզ կը դիտէ։ Մարդ կրնայ խաբել ուրիշները, կրնայ գեղեցիկ բառերու ետին թաքցնել իր իրական մտադրութիւնները, կրնայ աշխարհին ներկայացնել իր մասին կատարելապէս կերտուած պատկեր մը, բայց ինքզինք խաբելը շատ աւելի դժուար է։ Գոնէ այդպէս պէտք է ըլլար։ Որովհետեւ երբ մարդ կը սկսի իր խղճմտանքին ձայնը խեղդել, սկզբնական շրջանին այդ լռութիւնը կրնայ զինք անհանգստացնել, բայց ժամանակի ընթացքին ան կը վարժուի այդ դատարկութեան։ Այն, ինչ որ երէկ աններելի կը թուէր, այսօր կրնայ արդարացուիլ, իսկ վաղը՝ առանց նոյնիսկ մտածելու կրկնուիլ։ Այսպէս է, որ չարութիւնը կամաց-կամաց կը դադրի բացառութիւն ըլլալէ եւ կը վերածուի սովորութեան։

Ամենացաւալին այն է, որ մարդիկ յաճախ իրենց չարութիւնը չեն տեսներ, որովհետեւ իրենց անձնական շահը կը նկատեն ամէն բանէ վեր։ Երբ իրենց շահերը վտանգի տակ են, ուրիշին ցաւը կը դառնայ անկարեւոր մանրամասնութիւն մը։ Երբ իրենց նպատակին հասնելու համար պէտք է մէկը վիրաւորեն, անոր արժանապատուութիւնը կը վերածուի խոչընդոտի մը, որ պէտք է հեռացնել։ Երբ իրենց սխալը բացայայտուի, փոխանակ զայն ընդունելու, կը սկսին պատճառաբանութիւններ փնտռել, յանցանքը ուրիշներու վրայ բարդել կամ նոյնիսկ զոհի դերը ստանձնել։ Որովհետեւ կան մարդիկ, որոնք իրենց մասին լաւ կարծիք ունենալու այնքան մեծ կարիք ունին, որ պատրաստ են ամէն ինչ ընելու՝ բացի իրենց իրական դէմքը տեսնելէ։

Այսպիսի մարդոց համար ներողութիւն խնդրելը թուլութիւն է, սխալը ընդունիլը՝ պարտութիւն, իսկ դիմացինին ցաւը հասկնալը՝ անիմաստ զգայնութիւն։ Անոնք կը կարծեն, թէ եթէ իրենց արարքներուն համար պատասխանատուութիւն չստանձնեն, ուրեմն պատասխանատուութիւն գոյութիւն չունի։ Սակայն, իրականութիւնը չի փոխուիր միայն այն պատճառով, որ մարդ կը հրաժարի զայն ընդունելէ։ Վէրքը կը մնայ վէրք, նոյնիսկ եթէ զայն պատճառողը կը պնդէ, թէ ոչինչ պատահած է։ Դաւաճանութիւնը կը մնայ դաւաճանութիւն, նոյնիսկ եթէ դաւաճանողը ինքզինք կը համոզէ, թէ ուրիշ ելք չունէր։ Իսկ դաժան խօսքը չի դադրիր դաժան ըլլալէ միայն այն պատճառով, որ զայն արտասանողը յաջողած է իր խօսքերը արդարացնել։

Կայ նաեւ չարութեան ուրիշ երեսակ մը, որ թերեւս աւելի վտանգաւոր է, քան բացայայտ դաժանութիւնը։ Այդ այն չարութիւնն է, որ կը ներկայանայ ժպիտով, քաղաքավարութեամբ եւ գեղեցիկ խօսքերով։ Որովհետեւ մէկը վիրաւորող ամէն մարդ պարտադիր չէ, որ իր ձայնը բարձրացնէ եւ մէկը վնասող ամէն մարդ պարտադիր չէ, որ իր արարքը կատարէ բացայայտ ատելութեամբ։ Երբեմն ամենէն խոր վէրքերը կը պատճառուին այն մարդոց կողմէ, որոնք կը գիտնան ճիշդ ինչպէս պէտք է խօսիլ, ինչպէս պէտք է շահիլ վստահութիւն եւ ինչպէս պէտք է ներկայանալ իբրեւ ազնիւ ու հոգատար անձնաւորութիւն։ Անոնք կրնան գիտնալ, թէ ինչպէս պէտք է սիրոյ մասին խօսիլ՝ առանց սիրելու, արդարութեան մասին քարոզել՝ առանց արդար ըլլալու եւ մարդկային արժէքներ պաշտպանել՝ միեւնոյն ժամանակ ոտնակոխ ընելով իրենց դիմացինի արժանապատուութիւնը։

Երբեմն կը թուի, թէ մեր հասարակութեան մէջ ամօթը աստիճանաբար կը կորսնցնէ իր իմաստը։ Մարդիկ այլեւս այնքան չեն մտահոգուիր, թէ իրենց արարքները բարոյապէս ճի՞շդ են, թէ սխալ։ Անոնց համար կարեւորը ո՛չ թէ մաքուր խիղճ ունենալն է, այլ մաքուր երեւիլը։ Ո՛չ թէ արդար ըլլալն է, այլ արդար երեւիլը։ Ո՛չ թէ սխալ չգործելն է, այլ սխալը այնպէս մը ծածկելը, որպէսզի իրենց հեղինակութիւնը չվնասուի։ Այսպէս, արտաքին պատկերը կը դառնայ աւելի կարեւոր, քան ներքին էութիւնը, իսկ ճշմարտութիւնը կը զոհուի այն կեղծ իրականութեան, զոր մարդիկ կը կառուցեն իրենց շուրջը։

Այս երեւոյթը յատկապէս ակնյայտ է այն աշխարհին մէջ, ուր ամէն ինչ կը ցուցադրուի, կը մեկնաբանուի եւ կը դատուի ուրիշներու հայեացքին ընդմէջէն։ Մարդիկ երբեմն կը ջանան իրենց բարութիւնը ապացուցանել հրապարակային ժեստերով, իրենց ազնուութիւնը՝ գեղեցիկ խօսքերով, իսկ իրենց մարդկայնութիւնը՝ այն պատկերով, զոր կը ներկայացնեն ուրիշներուն։ Բայց իրական բարութիւնը ցուցադրութեան կարիք չունի։ Ան յաճախ կը բացայայտուի այն պահերուն, երբ ո՛չ ոք ներկայ է, երբ որեւէ գովասանք ակնկալելու պատճառ չկայ եւ երբ ուրիշին օգնելը անձնական շահ մը չի խոստանար։ Նոյնպէս, իրական նկարագիրը կը յայտնուի այն պահուն, երբ մարդ իշխանութիւն ունի մէկու մը վրայ, երբ կրնայ առանց պատիժի վիրաւորել, երբ կրնայ օգտուիլ ուրիշին վստահութենէն եւ երբ ո՛չ ոք կրնայ զինք պատասխանատուութեան հրաւիրել։

Ահա թէ ինչո՛ւ մարդ պէտք չէ դատել միայն իր խօսքերով, իր ժպիտով կամ իր մասին ուրիշներուն պատմած պատմութիւններով։ Պէտք է դիտել, թէ ինչպէ՛ս կը վարուի անոնց, որոնցմէ ոչինչ կը սպասէ։ Ինչպէ՛ս կը վերաբերի այն մարդուն, որուն օգնութեան կարիքը ունի։ Ի՞նչ կ՚ընէ, երբ ուրիշի ցաւը իր անձնական շահերուն կը հակադրուի։ Եւ ամենէն կարեւորը՝ ի՞նչ կ՚ընէ այն պահուն, երբ կը հասկնայ, որ սխալած է։ Որովհետեւ մարդուն իրական արժէքը յաճախ կը բացայայտուի ո՛չ թէ այն ատեն, երբ ան ճիշդ է, այլ այն ատեն, երբ սխալ է եւ պէտք է որոշէ՝ ընդունի՞լ իր սխալը, թէ շարունակել պաշտպանել զայն։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 30, 2026