ՀԱՔԱՆ ՖԻՏԱՆ ԵՒ ՄԱՐՔՕ ՌՈՒՊԻՕ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՆ ԱԹԼԱՆԹԱՅԻ ՄԷՋ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Աթլանթայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի հետ։ Հարկ է նշել, որ Ֆիտան եւ Ռուպիօ այնտեղ կը գտնուին՝ մասնակցելու համար Մեծն քսանեակի (G20) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին, որ կազմակերպուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հիւրընկալմամբ։

Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ վերջին շրջանին դարձեալ խտացած են ամենաբարձր մակարդակի շփումները։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին ունեցած էին իրերայաջորդ երկու հեռախօսազրոյցներ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 31, 2026