ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ. «ԹՈՒՐՔԻԱ ՄԻՇՏ ԿԸ ԽՐԱԽՈՒՍԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ»

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան վերահաստատեց Թուրքիոյ աջակցութիւնը՝ Հայաստան-Ատրպէյճան շփումներուն, որպէսզի տարածաշրջանէ ներս հաստատուի կայուն խաղաղութիւն։ «Ես կ՚աջակցիմ մեր ատրպէյճանցի եղբայրներու եւ Հայաստանի շփումներուն։ Մենք այսուհետեւ եւս հնարաւորինս մեր ներդրումը կ՚ունենանք՝ հաստատուն խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ», յայտարարեց Էրտողան՝ Անգարայի մէջ կազմակերպուած Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան 13-րդ գագաթաժողովին ընթացքին։

Երէկ, Պեշթեփէի համալիրէն ներս, նախագահ Էրտողան յիշեալ գագաթաժողովի ընթացքին ունեցաւ ծաւալուն ելոյթ մը, որու ամբողջին մէջ անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասի իրադրութեան։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով՝ ան դիտել տուաւ, որ Անգարա կ՚աջակցի Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ ընթացող շփումներուն եւ պիտի շարունակէ նպաստել տարածաշրջանէ ներս կայուն խաղաղութեան հաստատման։

Նախագահը մասնաւորապէս կանգ առաւ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան հեռանկարներուն վրայ։

«Հարաւային Կովկասը, ուր կը տիրեն խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը, կարեւոր հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ ո՛չ միայն տարածաշրջանի երկիրներու, այլեւ ամբողջ թրքական աշխարհին համար։ Մենք կ՚աջակցինք մեր ատրպէյճանցի եղբայրներու՝ Հայաստանի հետ շփումներուն եւ կը վերահաստատենք, որ պիտի շարունակենք մեր հնարաւորութիւններու սահմաններուն ներքեւ նպաստել կայուն խաղաղութեան հաստատման», շարունակեց նախագահը։

Գագաթաժողովի ընթացքին Էրտողան դիտել տուաւ, որ տարածաշրջանային հակամարտութիւնները որեւէ կողմի օգուտ չեն բերեր եւ ծանր հետեւանքներ կ՚ունենան համաշխարհային տնտեսութեան, առեւտուրի եւ ուժանիւթի շուկաներուն տեսակէտէ։ Անդրադառնալով Իրանի շուրջ վերջին շրջանին վերստին աճող լարուածութեան՝ ան յոյս յայտնեց, թէ հարցը կը հանգուցալուծուի դիւանագիտական ճանապարհով, այլ ոչ թէ զէնքի կիրառմամբ։

Էրտողան խօսեցաւ նաեւ Պաղեստինի հիմնախնդրին շուրջ՝ ընդգծելով, որ թրքական պետութիւնները պէտք է աւելի մեծ ջանքեր գործադրեն այս հարցի արդար կարգաւորման ուղղութեամբ։ Ան համոզուած է, թէ դէպի Կազզէ մարդասիրական օգնութեան մատակարարումը եւ վերականգնման աշխատանքներու հնարաւորինս արագ սկսիլը անհրաժեշտ են։ Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիա կ՚աջակցի 1967 թուականի սահմաններու հիման վրայ, Արեւելեան Երուսաղէմի մայրաքաղաքով անկախ եւ ինքնիշխան Պաղեստինի պետութեան մը ստեղծման։

Երէկուան ելոյթին մէջ նախագահ Ռեճեփ ԹայյիպԷրտողան նշեց նաեւ, որ թրքական աշխարհը հնարաւոր է վերածել արեւելքէ դէպի արեւմուտք առեւտրային, փոխադրութեան եւ ուժանիւթի հզօր կեդրոնի մը։ Այս ամբողջին մէջ նախագահ Էրտողան ռազմավարական նշանակութիւն վերագրեց Անդրկասպեան Արեւելք-Արեւմուտք միջին միջանցքին։ Ան համոզուած է, թէ այս մէկը կրնայ կարեւոր դեր ունենալ միջազգային առեւտուրի ապագայ զարգացման ուղղութեամբ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 31, 2026