Կիրակի 1, Նոյեմբեր 2026
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԳԱՀԱԼՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս շաբաթավերջին կը նշուի Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օծման եւ գահակալութեան 27-րդ տարեդարձը։ Վաղուան կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի աւարտին, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայրապետական մաղթանք։ Այս առթիւ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հաւատացեալներու երկրպագութեան համար դուրս պիտի բերուի Սկեւռայի սուրբերու մասունքի պահարանը։
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 31, 2026