ՓԵՔԻՆ ԵՒ ՊԵՐԼԻՆ ՀԵՏԱՄՈՒՏ՝ ԱՌԵՒՏՐԱԿԱՆ ԿԱՊԵՐԸ ՀԱՐԹԵԼՈՒ
Պերլինի եւ Փեքինի ղեկավարութիւնները աշխատանք կը տանին՝ առեւտուրի ոլորտէն ներս տարաձայնութիւններու հարթեցման ուղղութեամբ:
Գերմանիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէր վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Չինաստան: Շաբաթավերջին եզրափակուեցաւ այս ուղեւորութիւնը, որու ընթացքին Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալեց իր պաշտօնակիցը:
Ըստ գերմանական լրատուամիջոցներու՝ Շթայնմայէրի այցելութեան նպատակն էր Պերլինի եւ Փեքինի միջեւ առեւտուրի ոլորտէ ներս առկայ տարաձայնութիւններու հարթեցման հասնիլը: Ան Փեքինի կեցութեան օրերուն կոչ ուղղեց, որպէսզի յարաբերութիւններուն մէջ պահպանուի փոխշահաւէտութեան սկզբունքը: Գերմանիոյ եւ Չինաստանի միջեւ առեւտուրի պարագային բացը կ՚աճի եւ ներկայիս հասած է շուրջ 90 միլիոն եւրոյի մակարդակին:
Թէեւ Գերմանիոյ պարագային նախագահին դերակատարութիւնը հիմնականին մէջ արարողակարգային կը համարուի, սակայն, Շթայնմայէր այցելութեան օրերուն յայտարարեց, որ իր երկիրը կը փափաքի Չինաստանի հետ աշխատիլ՝ առեւտրային խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ:
Եւրոպական Միութեան երկիրները այս շրջանին ընդհանրապէս կը ջանան նոր հարթութեան մը վրայ դնել իրենց յարաբերութիւնները Չինաստանի հետ: Այս ամբողջին մէջ Գերմանիոյ նախաձեռնութիւնները առանձնապէս ուշագրաւ են՝ քանի ան Եւրոմիութեան առանցքային երկիրներէն է՝ իր տնտեսութեամբ եւ ընդհանուր ներուժով: