ԼԱՒ ԲԱՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ…

Միայն գէշ բաներուն մասին կը գրե՞ս. 

Լսած ու շատ յաճախ կը լսեմ այս հարցումը, բարեկամնե՛ր: 

Պատասխան ունիմ, անշուշտ.

Ո՛չ: Միայն գէշ բաներուն մասին չէ՛, որ կը գրեմ, քանի որ որպէս սկզբունք, իմ աչքիս «գէշ» թուացող այդ իրողութիւնները, շատերուն աչքին լուսաւոր կէտեր են ու ինչ խօսք՝ գովելի: Ուրեմն, կրնանք համաձայնիլ, որ «գէշ»ին մասին չէ, որ կը գրեմ, այլ «լաւ»ին չափ չգրուածին: 

Կրնամ փոխուիլ, բայց, ու «լաւ» բաներու մասին ալ կրնամ գրել. 

Ողողուեցան մեր լրատուական միջոցներուն էջերը հոկտեմբեր ամսուան աւարտին արձանագրուած հայրենի մեր յաջողութիւններով:

Ինչպէ՞ս չհպարտանանք։

Ռոթերտամի մէջ կայացած մարմնամարզութեան աշխարհի ախոյենութեան չորս մարզիկով մասնակցող մեր երկիրը չո՛րս մետալով վերադարձաւ՝ երկուքը ոսկի: Աննախադէպ յաղթանակ ու բացառիկ յաջողութիւն մը, որ արդիւնքն է մեր բարձրորակ ու հմուտ մարզիչներուն եւ աշխատասէր ու նուիրեալ մարզիկներուն։ 

Ամերիկայի Լաս Վեկասի մէջ ընթացող ըմբշամարտի միջազգային մրցումին ալ ախոյենութիւն մը արձանագրեցինք, ի դէպ։

Յունահռոմէական ոճի, ողիմպիական եւ աշխարհի քառակի ախոյեան աշխարհահռչակ մեր ըմբիշը՝ Արթուր Ալեքսանեանը երկրորդ անգամ ըլլալով ԻՒՆԻՍԷՖ-ի Ազգային դեսպան ընտրուեցաւ: Լուրն ալ «COP-17»ի «Green Zone»էն ներս հրապարակուեցաւ: 

Կարիք կա՞յ կրկնելու, արդեօք, «COP-17»ին պէս մե՜ծ միջացառումի մը խաղաղութեան ճանապարհով քայլող փոքրիկ մեր երկրին մէջ կազմակերպուած ըլլալուն յո՛յժ կարեւոր նշանակութիւնը, մեծարժէք մեր օտարազգի հիւրերը, աշխարհին ցոյց տուած նորոգուած ու մաքուր մեր ճամբաները, շողշողուն մեր սրահներն ու դահլիճները, աշխարհին հետ մրցող արհեստագիտական մեր փայլուն միջոցները, մեր քաղած գովասանքներն ու ծափահարութիւնները, ինչ խօսք՝ խոստումներն ու ապագայի ծրագիրները…

Պիտի տեսնենք, բարեկամնե՛ր:

Չվերջացան իմ «լաւ»երս.

Մօտաւոր նոյն օրերուն, հոկտեմբերի վերջերը, հայ դերասան Սամուէլ Թադէոսեանը արժանացաւ «Golden Globe»ի «Beacon Award» մրցանակին, որ իբրեւ խրախուսանք կը շնորհուի Կեդրոնական Ասիոյի եւ Կովկասի տարածաշրջանի շարժապատկերի ու հեռուստատեսութեան ոլորտներէն ներս նոր սերունդի խոստմնալից արուեստագէտներուն: 

Յաղթանակ մը եւս. 

Ղազախիստանի մէջ կայացած «Atyrau Open 2026» ճատրակի միջազգային հեղինակաւոր մրցաշարքին յաղթողը 19-ամեայ կրոսմայսթըր Էմին Օհանեանը եղաւ:

Անտեղի չէ նշել, որ ամբողջ մրցաշարքը առանց որեւէ պարտութեան անցուց Էմինը մրցաշարքին մասնակցող 30 այլ կրոսմայսթըրներ իր ետին ձգելով նուաճեց պատուաբեր այս յաղթանակը: 

Յաղթանակ, յաղթանակներ, ոսկի, խոստմնալից տղաք ու լուսաւոր պատկերներ. պէտք չէ այդքան մթագնիլ, մտածեցի ես, օտար հողերու վրայ հպարտօրէն ծածանող մեր դրօշին լեցուն յուզուած աչքերով նայող ու լիաթոք երգող մեր տղոց գեղեցիկ նկարներուն ու խանդավառ տեսերիզներուն՝ լաւ, իրօ՛ք լաւ բաներուն նայելով…

Երկար չտեւեցին, բայց, չմթագնելու իմ խոհերս. 

Ամէնուն հետ ուրախանալէս ու հպարտանալէս վերջ, ես ալ դիտեցի քանի մը օր առաջ ուղիղ եթերով Հայաստանի «Չորրորդ» հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատերէն ներս ապրուած խայտառակութիւնը:

Ըսած էի, բայց պիտի կրկնեմ, որ մեզի պէս՝ դարեր շարունակ պետականութիւն կորսնցուցած ժողովուրդի մը համար ո՛րքան սուրբ պէտք է ըլլայ Ազգային ժողով մը ունենալու տենչագին երազին իրականանալը։ 

Գեղեցիկ շէնք ունինք, այո՛, եւ ամէն տարի նիւթական բարձր պարգեւներ ստացող նուիրեալ պատգամաւորներ ալ ունինք, որոնք, փաստօրէն, պարզապէս խօսելու, չհամաձայնելու եւ մարդկային քաղաքավարութեամբ վիճելու կարողութիւնը չունին, ցաւօք։ 

«COP-17»էն ու ոսկի մեր մետալներէն, աշխարհը նուաճած մեր ախոյեաններէն վերջ, մեր երեսին մի՛ւս կողմը ցոյց տուինք բոլորին։ 

Միջազգային հեղինակաւոր բոլոր լրատուակայաններուն առաջին՝ «թրենտ»ը ըլլալը դժուար չեղաւ երբեք մեզի համար, անբան, անխոհեմ, անգիտակից ու անհաւասարակշիռ մեր վարքով ու պահուածքով։ 

Ո՞վ ենք մենք։ 

Պատիւ ու խայտառակութիւն, յաղթանակ եւ ամօթ. ասոնցմէ ո՞ր մէկն ենք մենք։ 

Մեր ընտրեալները չե՞ն, տեսախցիկներուն առջեւ զիրար ծեծող, հրող, կտրող, թափող, հայհոյող, վիրաւորող ու նոյնիսկ ֆիզիքապէս վնասող այս մարդիկ։ 

Որո՞ւն, ի՞նչ ըսած եղանք ամօթալի մեր այս եթերով։ 

«COP-17»ին շինծու լոլսերը բաւեցի՞ն գարշելի այս մութը ծածկելու համար։ 

Վարդի պէս տղոց ոսկիները կրցա՞ն, կրնա՞ն այս լուտանքը չեղարկել։ 

Չե՛ն կրնար։ 

Արեւի լոյսին պէս, չափ յստակ ու չքօղարլուելիք իրականութիւն է ասիկա։ 

Լաւ, արժանի՞ ենք մենք ապրուած այս խայտառակութեան։ 

Ա՛նկասկած։ 

Մեր քաղաքացիներուն ընտրած իշխանութիւնն ու ընդդիմութիւնը ներկայացնողներն են իրարու զարնող այս հայերը։ 

Թռչող այդ աթոռներուն վրայ պատահաբար չյայտնուեցան անոնք. 

Մե՛նք ենք այդ կռուողները հոն հասցնողները։ 

Մե՛նք ենք խաղաղասէր մեր իշխանութեան ու անոր խղճալի զաւեշտներուն կամակատարները։ 

Մե՛նք ենք իւրաքանչիւր պատերազմի սպառնալիքներուն անսացողները։ 

Մե՛նք ենք բոլոր ըսուածներուն ու ներկայացուածներուն գլխիկոր հաւատացողները։ 

Ատելութեան ու բռնութեան այս թեզը պաշտպանողներուն հետ վաղը դեռ ինչերո՞ւ կրնանք հաւատալ…

Մինչ հիմա գացածներուն՝ պատմական Հայաստանի անունն ալ չտրուող վայրերուն, Արարատին, Արցախին, Զանգեզուրին ու Մեղրիին, այսքան տարի ու այսքան տոսկոս ու քիլօմեթրի դիմաց… վաղը Երեւանի՛ն ալ մերը չըլլալուն կրնա՞նք հաւատալ։ 

Չարաչար կը սխալինք, այլեւս, երբ կը կարծենք, թէ ազատութեան, անկախութեան ու ինքնիշխանութեան խնդիր է մեր պետութեան ու ժողովուրդին ապրածը. 

Երբե՛ք։ 

Ինքնակամ խաբէութիւն, կատարեալ արժեզրկում։

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2026