Չորեքշաբթի 4, Նոյեմբեր 2026
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՊՐԻՒՔՍԷԼ
Այսօր, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսէլ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Նիկոլ Փաշինեան կը մասնակցի «Euronews» հեռուստաընկերութեան կողմէ կազմակերպուած՝ «Եւրոմիութեան ընդլայնման գագաթաժողով 2026»ին։ «Եւրոպայի ապագան» խորագրին ներքեւ կազմակերպուած է այս հաւաքը, որու շրջանակներէն ներս նախատեսուած են նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի շարք մը երկկողմանի հանդիպումները արտասահմանեան երկիրներու ղեկավարներուն հետ։
Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2026