20-ՐԴ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ
«Ուրբաթ, շաբաթ, կիրակի» լուսանկարչական ցուցահանդէսը արդէն կը կրկնուի 20-րդ անգամ։ Խումբ մը վարպետ լուսանկարիչներու ոսպնեակներու որսած դրուագները արդէն երկար ժամանակէ ի վեր գեղարուեստասէր շրջանակներու ուշադրութեան եւ բարձր գնահատանքին առարկայ կը դառնան։ Այս ցուցահանդէսը կը ցոլացնէ Թուրքիոյ մէջ զանազան կրօններու հետեւորդներուն կեանքը եւ ընդհանուրին մէջ կը ներկայացնէ համակեցութեան գեղեցիկ պատկեր մը։
Ներկայիս ցուցահանդէսը բացուած է İSKİ-ի Գուզկունճուքի Մշակոյթի տան երդիքին տակ։ Երէկուան բացման արարողութեան ընթացքին İSKİ-ի ղեկավարութենէն Այթէն Պոստանճը արտասանեց ողջոյնի խօսք մը։ Աւելի վերջ արտայայտուեցան նաեւ լուսանկարիչներ՝ Էմինէ Իւլքերիմ եւ Մկրտիչ Արծիւեան, ինչպէս նաեւ յոյն համայնքէն Լաքի Վինկաս, որ այս ցուցահանդէսի մտայղացումը ունեցած է։
Զանազան հաւատներու եւ մշակոյթներու պաշտամունքէն եւ ծէսէն դրուագները գեղարուեստական բարձր որակով կը ներկայացուին այս ցուցահանդէսին միջոցաւ։ Այս անգամուան կրկնութեան կը վերագրուի բացառիկ նշանակութիւն՝ քանի Գուզկունճուք թաղն ալ Իսթանպուլի բացառիկ թաղամասերէն մին է, ուր կը գտնուին գրեթէ բոլոր միաստուածեան կրօններու սրբավայրերը։ Այս թաղամասը մշակութային զանազանութեան տեսակէտէ խորհրդանշական միջավայր մը ունի եւ Այթէն Պոստանճըն ալ իր ելոյթին մէջ կանգ առած է այս հանգամանքին վրայ։
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ նոյեմբերի 7-ի երեկոյեան։
