ԱՊԱՇՐՋԱՓԱԿՈՒՄ

Հայաստանի կառավարութիւնը գործնականօրէն արդէն սկսած է TRIPP նախագծի իրագործման։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով՝ երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովէն ներս մասնակցեցաւ մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին։ Ժողովը կազմակերպուած էր 2027 թուականի պետական պիւտճէի օրէնքի նախագծի քննարկման համար։ Նիկոլ Փաշինեան երեսփոխաններու ներկայութեամբ այս հաւաքոյթին ընթացքին ըսաւ.

«Հայաստանի կառավարութիւնը, մինչեւ ապագայ գործընթացներու կազմակերպումը, իր նախաձեռնութեամբ կը սկսի TRIPP նախագծի երկաթուղիի, մայրուղիի եւ ելեկտրահաղորդման գծերու նախագիծը պատուիրելու հարցը, որպէսզի մենք ժամանակ չկորսնցնենք եւ սկսինք այս նախագիծին շուրջ աշխատանքները։ Երբ որ TRIPP-ի զարգացման ընկերութիւնը կը ձեւաւորուի, այդ պահուն արդէն կատարուած աշխատանքը ուղղակի Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կը փոխանցէ այդ ընկերութեան»։

Պատգամաւորներուն ներկայութեամբ վարչապետը ընդգծեց, որ այս նախագծով Հայաստան կը յաղթահարէ՝ աւելի քան երեսուն տարիէ ի վեր ենթարկուած շրջափակումը։ «Աներկբայ եւ միանշանակ է, որ TRIPP նախագծի իրագործման շնորհիւ Հայաստան բոլոր ուղղութիւններով պիտի ապաշրջափակուի։ Պիտի ապաշրջափակուի արեւելք-արեւմուտք, հիւսիս-հարաւ ուղղութեամբ։ Բոլոր այս ուղղութիւններով ապաշրջափակումը չի նշանակեր, որ բոլոր ենթակառուցուածքները մաս պիտի կազմեն TRIPP-ին։ TRIPP նախագծին մաս պիտի կազմեն Նռնաձոր-Կարճեւան երկաթուղին, այնտեղ նաեւ ելեկտրական հաղորդման գիծեր, ցամաքուղի։ Կազամուղի, նաւթամուղի նիւթերը աւելի ուշ քննարկուելիք հարցեր են», շարունակեց վարչապետը։

Նոյն ժողովին ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի նոր սահմանադրութեան մշակման՝ ընդգծելով, որ նախագիծը այս ամիս պիտի հրապարակուի։ «Պիտի հրապարակենք նոր սահմանադրութեան նախագիծը, պիտի սկսին հանրային քննարկումները, պիտի ընդունուին եւ պիտի քննարկուին առաջարկներ, սա պիտի տեւէ այնքան ժամանակ՝ մինչեւ համոզուինք, թէ նոր սահմանադրութեան նախագիծը բաւարար քննարկուած է հանրութեան շրջանակներէն ներս։ Այս բանէն յետոյ պիտի կազմակերպենք նոր սահմանադրութեան նախագծի հերթական քննարկումը», մանրամասնեց Փաշինեան։

Բաց աստի, վարչապետը դիտել տուաւ, որ կառավարութեան յառաջիկայ ամենակարեւոր ընելիքներէն մէկը Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումն ու վաւերացումն է։ Այս ամբողջին մէջ ընդդիմութեան կողմէ կը բարձրաձայնուի այն հարցը, թէ արդեօք նոր սահմանադրութեան ընդունումը պիտի երաշխաւորէ՞ այդ համաձայնագրի ստորագրումն ու համապարփակ խաղաղութիւնը։

«Մեր ջանքերը յառաջիկային ուղղուած պիտի ըլլան այս իսկ հարցերու պատասխանը ստանալու։ Եթէ Հայաստանի կառավարող մեծամասնութիւնը այս բարձրաձայնուած հարցին յստակ, դրական պատասխան տայ եւ համոզիչ պատասխաններ տայ նաեւ անոնցմէ բխած հարցումներուն, ապա թոյլ տուէք արտայայտել իմ համոզումը, թէ եթէ մենք այդպիսի դրական պատասխաններու պայմաններով երթանք նոր սահմանադրութեան ընդունման գործընթացով, ապա Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու մեծամասնութիւնը կու գայ ընտրական տեղամասեր եւ կողմ կը քուէարկէ նոր սահմանադրութեան համար։ Եթէ ունենանք դրական պատասխաններ եւ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը դէմ արտայայտուի, ապա սա պիտի նշանակէ, որ ընդդիմութիւնը դէմ կ՚արտայայտուի Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան։ Այդ պարագային միանշանակօրէն հանրային ճնշում կը սկսի ընդդիմութեան դէմ եւ ես կը կարծեմ, թէ Հայաստանի կառավարող մեծամասնութիւնը պէտք է առաջնորդէ այդ ճնշումը», շարունակեց Փաշինեան։ 

Նոյն հաւաքոյթի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց նաեւ, որ քայլ առ քայլ Հայաստանի պետական սահմաններու ամբողջ վերահսկողութիւնը պիտի պատուիրակուի երկրի սահմանապահ ծառայութեան։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2026