ԳԱՂԹԻ ՃԱՄԲԱՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ՊԱՀՈՒԱԾ ՀԱՅԵԱՑՔԸ - ՀՐԱՆԴ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆԻ ԱՐՈՒԵՍՏԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ. «ԵՐԲ ՈՐ ՀՈՂ ՉԿԱՅ ՈՏՔԻԴ ՏԱԿ, ԴՈՒՆ ՈՐԲ ԵՍ…»

Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ բացուած է պաղեստինահայ նշանաւոր լուսանկարիչ, ուսուցիչ, գրող եւ մտաւորական Հրանդ Նագգաշեանի (1921-1991) լուսանկարներու ցուցահանդէսը, որ լուսանկարչի առաջին անհատական ցուցահանդէսն է Հայաստանի մէջ (համադրող՝ արուեստաբան Վիգէն Գալստեան)։ Ցուցահանդէսին ներկայացուած են լուսանկարչի զաւակներուն՝ Սարօ եւ Անուշ Նագգաշեաններու տրամադրած երեսուն բնօրինակ մամուլային տպածոները, որոնք համալրուած են գանատահայ լուսանկարիչ Օշին Յարութիւնեանի պատրաստած եօթ նոր տպածոներով։

Նագգաշեանի լուսանկարները բացառիկ տեղ կը գրաւեն թէ՛ հայկական, թէ՛ արաբական լուսանկարչութեան պատմութեան մէջ։ Անոնք 1950-1960-ական թուականներու Կազզէի պաղեստինեան կեանքը լուսաբանող եզակի վկայութիւններ են, ինչ որ Նագգաշեան պատմութեան ի պահ տուած է տարիներու աշխատանքով։ Օսմանեան կայսրութիւն ծնած Նագգաշեան մեծցած է Լիբանան, իսկ 1942-ին տեղափոխուած է Եաֆա, ուր հիմնած է իր առաջին լուսանկարչատունը։ 1948-ի արաբ-իսրայէլեան պատերազմի հետեւանքով կրկին տեղահանուելով՝ հաստատուած է Կազզէ եւ 1950-ականներու սկզբին հիմնած «Հրանդ» լուսանկարչատունը։

Համագործակցելով միջազգային կազմակերպութիւններու, այդ կարգին՝ UNRWA-ի եւ UNEF-ի հետ, Նագգաշեան ստեղծած է պաղեստինցի փախստականներու համայնքներու ընկերային, մշակութային եւ տնտեսական կեանքը վաւերագրող հարիւրաւոր լուսանկարներ։ 

Փախստականները պատմական հանգամանքներու զոհեր ներկայացնելու փոխարէն՝ Նագգաշեանի լուսանկարները կը բացայայտեն ծանրագոյն պայմաններու մէջ բնականոն կեանքի զգացողութիւնը, ինքնութիւնն ու արժանապատուութիւնը պահպանելու անոնց վճռականութիւնը։ 

Այսօր, երբ Կազզէի ժառանգութիւնը կրկին կ՚ենթարկուի աւերածութեան, Նագգաշեանի պահպանուած լուսանկարները նոր նշանակութիւն եւ շունչ ձեռք կը բերեն՝ որպէս ոչնչացման վտանգի տակ գտնուող անցեալի անփոխարինելի վաւերագրեր։ Ցուցահանդէսը Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ բաց կը մնայ մինչեւ յառաջիկայ դեկտեմբերի 20-ը։ 

Հայաստանի մէջ բացուած նշանակալից ցուցահանդէսին առթիւ ԺԱՄԱՆԱԿ զրոյց մը ունեցաւ լուսանկարչի զաւակներուն՝ Սարօ եւ Անուշ Նագգաշեաններուն հետ։ Անոնք, ցուցահանդէսի մանրամասնութիւնները ներկայացնելէ զատ, ջերմօրէն անդրադարձան նաեւ ընտանեկան քաղցր յիշատակներուն՝ վառ պահելով իրենց վաստակաշատ ծնողաց անմար յիշատակը։

*

-Ինչպէ՞ս որոշուեցաւ Հայաստանի մէջ կազմակերպել Հրանդ Նագգաշեանի ցուցահանդէսը։

-Անուշ Ն․- Հայրս շատ ցուցահանդէսներ ունեցած է։ Իր մահէն ետք՝ 1995-ին, ցուցահանդէս մը եղաւ Երուսաղէմի մէջ, իսկ Հայաստանի այս ցուցահանդէսը առաջինն է ատկէ ետք, որուն համար եղբայրս՝ Սարոն ջանք թափեց:

-Սարօ Ն․- Անգլիացի գրող մը կապուեցաւ հետս եւ ըսաւ, որ Կազզէի մասին գիրք մը կ՚ուզէ գրել: Այդ գիրքը հրատարակուեցաւ, ուր բաւական տեղ տրուած էր հօրս, իր գործերուն եւ լուսանկարներուն: Անոր միջոցաւ ծանօթացանք եգիպտահայ լուսանկարիչ Օշին Յարութիւնեանին: Օշինի միջոցաւ ալ ծանօթացանք Երեւանէն համադրող Վիգէն Գալստեանին: Ես, Օշինը եւ Վիգէնը միասին գրեթէ աւելի քան տարի մը խորհրդակցեցանք, եւ այսպէս ծնունդ առաւ ցուցահանդէսի գաղափարը: Մեր նպատակն էր, որ հայրենիքի մէջ պատշաճ ցուցահանդէս մը ունենանք: Մեզի համար մեծ պատիւ է, որ անիկա իրականացաւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ: Չէինք ուզեր արտասահմանի մէջ փոքր ցուցահանդէսներ ընել, որովհետեւ այսօր այդ լուսանկարները այլեւայլ ձեւերով կ՚առնեն, կը փոխեն եւ առանց հեղինակային իրաւունքի կը գործածեն։

-Անուշ Ն․- Հօրս համար հայրենիքը միշտ ամէն բանէ առաջ եղած է: Իր երազներէն մէկն էր նաեւ, որ իր գրած թատերգութիւնները հայրենիքի մէջ բեմադրուին։ Իրեն համար հայութիւնը ամէն բան էր: Ծնողքս մեծ զոհողութիւններու գնով ապրած են: Հօրս այդ երազը եղբայրս եւ ես ուզեցինք իրականացնել, եւ առաջին քայլը առաւ եղբայրս: Ինչպէս ըսաւ Սարոն, մենք չէինք ուզեր պարզապէս ցուցահանդէս մը ըրած ըլլալու համար ընել, այլ կ՚ուզէինք պետական, բարձր մակարդակով կազմակերպել, որովհետեւ իր նկարներն ալ իսկապէս բարձրարժէք գործեր են:

-Ընդունելութիւնը բաւարա՞ր էր, գո՞հ էք, ինչպէ՞ս ընդունուեցաւ:

-Սարօ Ն․- Ընդունելութիւնը շատ լաւ էր: Ներկայ էր բաւական մտաւորականութիւն, կային արուեստագէտներ, մեծանուն մասնագէտներ՝ թէ՛ լուսանկարչութեան եւ թէ շարժապատկերի ոլորտէն:

-Անուշ Ն․- Նաեւ գրական ոլորտէն գրականագէտներ, թանգարաններու տնօրէններ, լուսանկարիչներ եւ այլ մտաւորականներ ներկայ էին։ 

Գիտէք, քիչ մը դժուար է խօսիլ կամ գովել ըրած գործդ, բայց բոլորը ափիբերան կը նայէին: Այնտեղ ներկայացուածը սոսկ գաղթականութիւն չէր. մարդոց աչքերուն մէջ յոյսն էր, երազն էր: Մենք այս անգամ միայն 38 նկար ցուցադրեցինք, իսկ իրականութեան մէջ 138 նկար ունինք: Հայրս իր նկարներուն մէջ ցոյց կու տայ այն երիտասարդը, որ տունը լոյս չունի, վրաններու տակ կ՚ապրի, բայց փողոցի ելեկտրական լոյսերուն տակ իր դասը կը սորվի եւ Պաղեստինի տարածքին առաջնութիւն կը շահի շարադրութեան մրցումին: Գաղթականութիւնը հօրս կեանքին կապուած բան մըն էր, ան տեսած է հայ գաղթականութիւնը, տեսած է գաղթի ճամբաներուն հայ մանուկներուն այբուբեն սորվեցնելը: Եւ իր լուսանկարներուն մէջ ինքը այս բոլորը նկատի ունեցած է: Քանի որ ինքն ալ անցած էր գաղթի ճամբաներէն, համտեսած էր որբութիւնը, իրեն համար շատ կարեւոր էր այդ բոլորին մէջ տեսնել իր ազգին պատմութիւնը:

-Գաղթականութեան հարցերը հիմա ալ արդիական են: Այդ առումով ի՞նչ զգացումներ եւ զուգահեռներ կան: Ի՞նչ է ցուցահանդէսի արդիականութիւնը այդ իմաստով:

-Անուշ Ն․- Գիտէ՞ք, այնպէս եղած է, որ այսօր կարծես թէ ամբողջ աշխարհը գաղթական է։ Վերջերս բարձր դասարանի մը արտասահմանեան գրականութեան դասին ընթացքին Հիւկոյի «Թշուառները» կու տայի: Գրաւորի ատեն հարցում տուի, թէ ինչո՞ւ «Թշուառները» կը մնայ արդիական: Եւ պատասխանը մէկ էր՝ որովհետեւ թշուառութիւնը, աղքատութիւնն ու անարդարութիւնը միշտ կան: Եւ այդ պահուն հօրս լուսանկարները եկան աչքիս առջեւ: Այն ատեն ըսի, որ հայրս ե՛ւ լուսանկարիչ էր, ե՛ւ գրող:

-Սարօ Ն․- Ճիշդ է: Կարեւորը հօրս համար եւ այս օրերուս համար մարդկութիւնն է: Գաղթականը կրնայ ըլլալ հայ, կրնայ ըլլալ արաբ, կամ ալ հեռաւոր Չինաստանի մէջ… Հիմա ամէն տեղ ալ գաղթականութիւն կայ: Էականը մարդկային ցաւը ներկայացնելն է, բայց, ամենակարեւորը այն է, որ պէտք է արժեւորես այդ անձը եւ ո՛չ թէ զայն ներկայացնես որպէս տկար էակ, այլ իրեն յոյս տաս: Իր նկարներուն մէջ հայրս միշտ յոյս կը ներշնչէ, վստահութիւն կայ, լաւատեսութիւն կայ, ապագայի նայուածք կայ։ Այնտեղ՝ ցուցահանդէսին փոքր նկար մը կայ՝ փոքր գլխարկով երեխան: Այդ նկարը շատ կը սիրէր, զայն կոչած էր՝ «Տղան»։ Իր ամենէն սիրած գործն էր, որովհետեւ անոր մէջ կը տեսնէր ապագան: Այդ տղան ապագային կը նայէր եւ իր մէջ կար ապագայի այն դիմադրողականութիւնը, առաձգականութիւնը, որով պիտի յաղթահարէր բոլոր դժուարութիւնները:

-Անուշ Ն․- Այնքան հաստատակամ նայուածք կայ այդ տղուն աչքերուն մէջ, որ կը զգաս՝ ինքը հաստատ կանգնած է հողին վրայ եւ պիտի երթայ դէպի ապագայ:

-Ինչպէ՞ս գնահատուեցաւ ցուցահանդէսը՝ իբրեւ արուեստի գործ, իբրեւ արուեստի մարդասիրական եւ միւս նպատակները ներկայացնող ձեռնարկ։

-Սարօ Ն․- Համադրողը՝ Վիգէն Գալստեանը իր խօսքին մէջ գրած էր, որ ինք հօրս արուեստը կը նմանցնէ մարդկութեան թեմաներով նկարած երեք մեծ նկարիչներու գործերուն (երկու ֆրանսացի եւ մէկ ամերիկացի): Գալստեան անոնց հետ համեմատելով կ՚ըսէ, որ Հրանդ Նագգաշեանի այս գործերը այդ բարձր մակարդակի նկարիչներու մակարդակին վրայ են: Հայրս «ճանապարհային լուսանկարիչ էր», ինք փողոցներու ու տուներու մէջ կը նկարէր. այդ մէկը ունի իր դժուարութիւնը, հնարքները, որովհետեւ սթիւտիոյի արհեստական լոյսերու խաղերը չկան: Այդ բոլորը իմ հայրս պիտի ընէր իր գործիքով եւ վարպետութեամբ՝ տեսնելով, թէ արեւը ո՛ւր է, ստուերը ո՛ւր է, ճիշդ ո՞ր վայրկեանին պէտք է առնէ նկարը, որպէսզի երեւցնէ ծերին դէմքի կնճիռները, ձեռքերը, կամ երիտասարդին աչքին մէջի փայլքը: Այս բոլորը նկատի առած է իր լուսանկարչութեան մէջ:

-Դուք՝ զաւակներդ, զինք կը յիշէ՞ք լուսանկարչական սարքը ձեռքին, լուսանկարած ատեն:

-Անուշ Ն․-Ես կը յիշեմ նկարած ատենը: Սակայն, հայրս Սարո՛ն կը տանէր իր հետ մինչեւ ութ տարեկան եւ իրեն բացատրութիւններ կու տար:

-Սարօ Ն․- Այո՛, ինք զիս իր հետ կը տանէր ո՛չ թէ այն վայրկեանին նկարչութիւն սորվեցնելու, այլ՝ որպէսզի տեսնեմ: Կը կանգնէինք այդպէս, եւ ինք կը սպասէր, որ ես բան մը ըսեմ, թէ ի՞նչ կը տեսնեմ, որպէսզի նախ տեսնել սորվիմ, յետոյ լուսանկարչութեան մասին մտածեմ: Ինք կ՚ուզէր, որ տեսնեմ այդ գաղթականները, տուները, նաեւ կ՚ուզէր մէջս զարգացնել այդ մարդասիրական զգացումը:

-Այդ ամէնը ազդեցութիւն ունեցա՞ւ ձեր վրայ:

-Անուշ Ն․- Սարոն յետագային երկարատեւ զբաղեցաւ լուսանկարչութեամբ, տեսա-ձայնագրութեան գրասենեակ ունէր եւ այլն: Ըսեմ, որ Սարոն հօրս լուսանկարչական աչքը ժառանգած է, ես՝ գրիչը։ Հայրս գրող էր նաեւ։ Այս ցուցահանդէսէն ետք, երբ հօրս նկարներուն կը նայիմ, ինք իր լուսանկարչական աչքով, ես՝ գրական աչքով, այնպիսի զօրաւոր կապ մը կը տեսնեմ իր նկարներուն եւ իր գրիչին միջեւ: Նոյն աչքն է. մէկը՝ լուսանկարչական գործիքով, միւսը՝ գրիչով:

-Իր գիրքերուն հիմնական նիւթերը ի՞նչ են։

-Անուշ Ն․- Ինք առաջիններէն մէկն էր, որ «Դէպի երկիր» յօդուածը գրեց՝ շեշտելով, որ մենք ուժով ենք մեր հողին վրայ: Ատկէ ետք հրատարակեց «Դրաստամատ կ՚երթայ Անյուշ բերդը» վէպը, որուն մէջ դարձեալ հողին ուժն է, որ կը խօսի: Հայրս ծնած է գաղթականութեան ժամանակ՝ 1921 թուականին: Անցած է Մելգոնեանի որբանոցէն, ուրկէ գացած է Լիբանան, ապա Եաֆա, Կազզէ եւ Երուսաղէմ: Ուրեմն, հողին պակասը իր ոտքին տակ իր ամբողջ կեանքին մէջ տարած է իր հետ։ Իր յօդուածներն ու վէպերը ա՛յդ մասին են: Սակայն, յետագային «Դրաստամատ կ՚երթայ Անյուշ բերդը» վերածեց թատերգութեան, ըսելով, որ այսօր երիտասարդները նստելով գիրք չեն կարդար, գոնէ բեմադրուի եւ այսպէս ծանօթանան մեր պատմութեան: Իր նպատակն էր մեր պատմութեան կարեւոր հանգրուանները թատրոնի միջոցաւ ներկայացնել: Ատկէ ետք գրեց «Աքսորեալները», ապա միւս գործերը։ Իր սեղանին վրայ կէս մնացած ունի նաեւ երկու չհրատարակուած գիրքեր, որոնք Սարոն պէտք է հրատարակէ: Իսկ իր վերջին գիրքը, որ կէս մնաց սեղանին վրայ, Արցախի մասին էր: Կրնամ ըսել՝ Արցախի ցաւով գնաց: Հսկայական նիւթ հաւաքած էր Արցախի մասին եւ սկսած էր գրել: Կաթուած անցելէն ետք քայլուածքն ալ, ձեռագիրն ալ փոխուած էին: Սակայն կը յիշեմ, երբ Հայաստանի անկախութիւնը եղաւ, հայրս նոր ծնունդ առաւ: Այդ ինչպէ՜ս կը վազէր, որ ակումբին մէջ անկախութիւնը նշէինք… Բայց ատկէ երկու ամիս վերջ մահացաւ: Լաւ որ այս ամէն ինչը ո՛չ ինք, ո՛չ մայրս տեսան։

-Նպատակ ունի՞ք նաեւ իր թատերգութիւնները Հայաստանի մէջ բեմադրելու, քանի որ իր երազներէն մէկը եղած է:

-Անուշ Ն․- Ինչո՞ւ ոչ, ատ ալ կ՚ըլլայ: Քիչ մը ժամանակի եւ նիւթականի կը կարօտի: Գուցէ համագործակցաբար իրականանայ: Բայց ըսեմ, որ «Դրաստամատ կ՚երթայ Անյուշ բերդը» Յորդանանի մէջ մօրեղբօրս աղջիկը` Սիլվա Հայրապետեանը, փառաւոր ձեւով ներկայացուց, բեմադրեց:

Մենք բոլորս ժառանգած ենք գաղթականութիւնը, որբ չենք եղած, բայց այդ զգացումը, մեր մէջ կայ։ Երբ հող չկայ ոտքիդ տակ, դուն որբ ես։

-Ի՞նչ յիշատակներ ունիք ձեր հօր Հայաստան կատարած այցելութիւններէն։ 

-Անուշ Ն․- Հայրս առաջիններէն եղած է, որ Հայաստան եկած է. 1973-ին, երբ առաջին հրաւէրը եղաւ մեր կողմերը ուսուցչաց համար, հայրս ու մայրս առաջինները գացին։ Հայրս մեծ երազ մը ունէր՝ Սեւանի ափին խոշոր տուն մը սարքել՝ ամէն տարի ուսուցիչները երթան եւ հոն հանգստանան։ Հայրս ջութակահար էր նաեւ, ջութակ կը նուագէր, բազմատաղանդ մարդ էր, շատ ձիրքեր ունէր։ Իր ամէն ձիրքերը ան հայրենիքին, հայութեան կ՚ուզէր ծառայեցնել։ 

-Ինչպէ՞ս լուսանկարչութիւնը կը համադրէր իր միւս զբաղումներուն հետ։

-Սարօ Ն․- Տարբեր ժամանակներ նուիրեց իր տարբեր զբաղումներուն։ 1938-1942 թուականները ուսուցչութեան նուիրեց Լիբանանի մէջ, թերթ հրատարակեց, յետոյ փոխադրուեցաւ Եաֆա, հոն ալ ուսուցչութիւն ըրաւ եւ միասին նաեւ՝ լուսանկարչութիւն։ Յետոյ գնաց Կազզէ, ուր 20 տարի միայն լուսանկարչութեամբ զբաղեցաւ, եւ երբ 1968 թուականին Երուսաղէմ եկաւ, այլեւս լուսանկարչութիւնը մէկդի դրաւ եւ նուիրուեցաւ ուսուցչութեան եւ բնագիտութեան։ 1960-էն սկսաւ գիրքեր գրել, մինչ այդ յօդուածներ կը գրէր, դասախօսութիւններ կու տար։ Հայաստանի հետ կապը շատ զօրաւոր էր։ 1975-ին, երբ Վազգէն Առաջինը Երուսաղէմ եկաւ Ժառանգաւորաց վարժարանի բացումին, հայրս հայկական հին դրամներ նուիրեց Էջմիածնի թանգարանին:

-Անուշ Ն.- Մեր տունը «Փոքրիկ Հայաստան» կամ «Վերնատուն» կոչուած է: Վերջերս Շահան Արծրունին մահացաւ… Երբ հոս համերգ տուաւ, վերջը մեր տունն էր եկած, նմանապէս՝ Օշին Քէշիշեանը, երբ Երուսաղէմ գար, ամէն օր մեր տունն էր. գրական երեկոներ, հանդիպումներ կ՚ըլլային: Մենք այդ միջավայրին մէջ մեծցած ենք։ Ափսոս, որ ծնողքս ուշ ամուսնացան, 12 տարի իրարու սպասած են: Ես եւ Սարոն ուշ ծնանք. հայրս արդէն 40 տարեկան էր: Եթէ իր 30-ին ծնէինք, շատ աւելի բան պիտի սորվէինք ու շատ աւելի պիտի վայելէինք զինք: Յետոյ ալ ուսանելու համար դուրս ելանք… Ես միշտ կը խորհիմ, որ լիուլի չվայելեցի հայրս:

-Իր ժառանգութիւնը այսօր տարածելու ձեր գործը թերեւս իրեն հանդէպ որոշ պարտք մը հատուցանելու շարունակութի՞ւնն է:

-Անուշ Ն․- Դժբախտաբար, քիչ մը ուշ եղաւ այս բոլորը, աւելի շուտ պէտք էր ընէինք, բայց մեր կեանքն ալ դժուար եղած է հոս՝ պատերազմներով եւ այլ տագնապներով։ Ուրախ եմ, որ ըրինք, այս մէկը Սարոյին կը պարտինք:

-Իսկ երկրի վիճակը չ՚ազդե՞ր ձեր հոգեվիճակի, ստեղծագործական ծրագիրներու վրայ: Ինչպէ՞ս կրնաք դիմագրաւել:

-Սարօ Ն․- Երկրի վիճակը մեր ծնած օրէն այսպէս եղած է: Մենք ատոր մէջ մեծցանք, անոր համար ալ կրցանք ամէն ատեն ձեւով մը ելք ու ճամբայ գտնել: Ճկունութիւն ունինք. եթէ այսօր բան մը պատահի, չենք ընկճուիր, յաջորդ օրը նոր օրի մը կը սկսինք:

Տեսակ մը դիմադրողականութիւն է ատիկա: Հօրս «Տղան» նկարին նայուածքով ալ կ՚ապրինք:

-Անուշ Ն․- Ի միջի այլոց ըսեմ, Սարոն 30 տարի համալսարանի դասախօս եւ ամպիոնի վարիչ եղած է: Ատոր կողքին է, որ այս գործերով զբաղեցաւ եւ հօրս ցուցահանդէսը կազմակերպեց (1995-ի ցուցահանդէսն ալ ինք պատրաստած էր):

-Գալով ցուցահանդէսին, ուրիշ ծրագիրներ պիտի ըլլա՞ն անոր շուրջ՝ դասախօսութիւն կամ ներկայացում Հրանդ Նագգաշեանի կեանքէն։

-Սարօ Ն․- Համադրող Վիգէն Գալստեանին հետ խօսեցանք քննարկումներ կազմակերպելու մասին, բայց դժբախտաբար, պէտք էր շուտ վերադառնայինք: Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ յառաջիկայ դեկտեմբերի 20-ը: Կրնայ ըլլալ Վիգէնը հաւաք մը կազմակերպէ: Անշուշտ, կը փափաքէինք մենք ալ Երեւանի մէջ ներկայ ըլլալ, բայց ապագայի ծրագիրներ ալ ունինք. օրինակ՝ այս ցուցահանդէսը պիտի տանինք Էմիրաթներ, Եւրոպա եւ այլ երկիրներ: Նաեւ մտադիր ենք գիրք տպել. այն գիրքը, որուն հայրս սկսած էր, բայց կէս մնացած էր: 1968-ին, երբ Երուսաղէմ եկանք, ինքը սկսած էր համադրել պատկերագիրքը: Այդ գործն ալ պէտք է աւարտին հասցնենք:

-Անուշ Ն․- Անպայման: Հայրս արժանի մարդ էր, բայց շատ զուսպ էր. երբեք իր մասին չէր խօսեր, չէր նետուեր երեւնալու: Ես իր մասին շատ բաներ ուրիշներէն լսած եմ. ինչպէս օրինակ, հօրաքրոջմէս, որ օր մը ըսաւ, թէ Եուսուֆ Քարշը հօրս գործերէն տեսած էր եւ ուզած էր անպայման Գանատա տանիլ՝ ըսելով, որ մեծ ապագայ կայ այս երիտասարդին մօտ:

Ի միջի այլոց, ինք նաեւ շատ լաւ մարզիկ էր: Երբ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան 60-ամեակին Կիպրոս գացինք, այնտեղ յիշեցին զանազան տարիներու մրցումներու ախոյեաններ, ըսին, որ ձողացատկի ախոյեանը մինչեւ հիմա կը մնայ Հրանդ Նագգաշեանը: Իր լուսանկարն ալ կար՝ այն ատեն 16-17 տարեկան էր, եւ այդ պահուն ինք կեցած էր հոն՝ արդէն ճերմակահեր մարդ մը։ Ինք կը հաւատար, որ դպրոցական պատանիին համար կարեւոր է երեք բան՝ գիտելիք, մարզանք եւ երաժշտութիւն:

-Բայց ձեր մայրն ալ զինք քաջալերած է անշուշտ:

-Անուշ Ն․- Մի՛շտ: Մայրս՝ Արփինէ Նագգաշեանը, 60 տարուան հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի եղած է, հօրս աշակերտուհին, հօրս կեանքի սէրը, իսկ հայրս ալ՝ իր կեանքի սէրը: Հանդէսի մը ժամանակ երգի մը ներքոյ, հայրս ջութակ կը նուագէր, մայրս կ՚երգէր («Սիրտս կը թռի ջաղջի քարին պէս» երգը ) եւ հոն կը սիրահարուին։ 1948-ի պատերազմին մայրս կ՚երթայ Յորդանան, հայրս՝ Կազզէ։ Տասներկու տարի իրարու կը սպասեն եւ ատո՛ր համար մենք ուշ ծնած ենք։ Մայրս մեծ համբերութեամբ, քնքուշ, անուշ կին մըն էր, որ դպրոցէն գալէն ետք ժամերով կրնար նստիլ եւ հօրս նոր գրած գործերը մտիկ ընել: Իր ամբողջ կեանքին մէջ, կնոջական մեծ սիրոյն կողքին, պահեց իր աշակերտական ակնածանքը հօրս հանդէպ: Մենք սիրոյ մթնոլորտի մէջ մեծցած ենք, իտէալական ընտանիք ունեցած ենք:

-Ուրիշ ի՞նչ կրնաք ըսել ցուցահանդէսին մասին որպէս ամփոփում:

-Սարօ Ն․- Ամենակարեւոր պատգամը, որ կ՚ուզենք փոխանցել ցուցահանդէսով, նախ եւ առաջ այն է, որ հայը իբրեւ արուեստագէտ աշխարհին մէջ մեծ տեղ կը գրաւէ: Լուսանկարչութիւնը եղած է այն արուեստներէն մէկը, որով հայերը բարձրացած են ամբողջ աշխարհի մէջ (օրինակ՝ Երուսաղէմի մէջ առաջին լուսանկարչատունը հիմնած է Եսայի պատրիարքը 1800-ականներուն, ինչպէս նաեւ ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ առաջին լուսանկարիչները հայեր եղած են): Կարեւորը ցոյց տալն է, որ հայը ո՛ւր ալ ըլլայ, իր արհեստն ու գործունէութիւնը պէտք է հասցնէ բարձրագոյն մակարդակի: Հայաստանի մէջ ուրիշ լուսանկարիչ մը ըսաւ ինծի, որ այս սեւ-ճերմակ նկարներով շատ երիտասարդներ պիտի ոգեշնչուին եւ մտածեն, թէ իրենք ալ ի՞նչ կրնան ընել: Կարծեմ այս ալ շատ կարեւոր պատգամ մըն է, զոր կը փոխանցէ ցուցահանդէսը։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2026