ԲԱՑԱՌԻԿ ԴՐՈՒԱԳՆԵՐ
Աշխարհահռչակ անմոռանալի լուսանկարիչ, անկրկնելի վարպետ Արա Կիւլէրի թողած ժառանգութիւնը միշտ կը վերարժեւորուի զանազան երեսակներով եւ չափումներով։ Արա Կիւլէրի ժառանգութիւնը իսկապէս վիթխարի է եւ ուրախառիթ, որ իր անունով հիմնուած թանգարան-արխիւը առաւելագոյն ջանքերը ի գործ կը դնէ վերանորոգ պահելու համար անոր նշանակութիւնը։ Այս համայնապատկերին վրայ կը դիտարկուին Արա Կիւլէրի գործերուն եւ ընդհանրապէս ժառանգութեան վերաբերեալ յետմահու կեանքի կոչուած բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ նախաձեռնութիւնները։ Երէկ, այս շարքը համալրուեցաւ «Ara Güler: Master of Leica» ցուցահանդէսի բացումով։ Արդարեւ, Արա Կիւլէր «Leica» մակնիշի լուսանկարչական մեքենաներու մեծ վարպետ մըն էր եւ իր հանճարը դրսեւորելու համար այդ սարքերը վերածած էր իսկական միջոցի մը։ «Leica»ներով Արա Կիւլէրի կողմէ նկարահանուած դրուագները իր վիթխարի ժառանգութեան մէջ կ՚առանձնանան բոլոր առումներով։
Արա Կիւլէրի թանգարանը, որ կը գտնուի «Պոմոնթիատա» համալիրէն ներս, երէկ հերթական անգամ լուսանկարչասէրներու եւ գեղարուեստասէրներու ժամադրավայրը հանդիսացաւ։ «Ara Güler: Master of Leica» խորագրեալ ցուցահանդէսը համախմբեց իր համակիրները, նաեւ բոլոր անոնք, որոնք ժամանակներու մէջ կ՚անդրադառնան Արա Կիւլէրի գործի իմաստին։
Այս ցուցահանդէսը բացառիկ է այն առումով, որ «Leica»ով Արա Կիւլէրի կողմէ նկարահանուած 130 դրուագ կը մատուցանէ, բաց աստի, այցելուներու հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ նաեւ ծանօթանալու այն «Leica» լուսանկարչական մեքենաներուն, որոնք զանազան ժամանակներու մէջ օգտագործուած են Արա Կիւլէրի կողմէ։ Ցուցահանդէսը ձեւով մը խոշորացոյցի տակ կը բերէ Արա Կիւլէրի եւ «Leica» լուսանկարչական սարքաւորումներու միջեւ հաստատուած երկարաշունչ յարաբերութիւնը։
«Leica Camera AG»ի ապահոված բովանդակութեան նպաստով բացուած է այս անգամուան ցուցահանդէսը, որ Արա Կիւլէրի արխիւի եւ ուսումնասիրութեան կեդրոնի նախաձեռնութիւնն է։ Մեծանուն եւ անմոռանալի վարպետի կողմէ զանազան շրջաններու եւ տարբեր աշխարհագրութիւններու մէջ «Leica»ներով նկարահանուած այս 130 դրուագները բացառիկ վերաբերմունքի արժանի դարձան՝ մասնաւորապէս, որ ցուցադրասրահին մէջ մարդիկ հնարաւորութիւն ունեցան տեսնելու Արա Կիւլէրի կողմէ օգտագործուած անհատական լուսանկարչական սարքաւորումները եւ արխիւի առարկաները։ Այս ամբողջը ո՛չ միայն հնարաւորութիւն ընձեռեց Արա Կիւլէրի ժառանգութեան մասին տարրական պատկերացում մը կազմելու, այլեւ ուղղակիօրէն անոր ոգիին եւ աշխատանքային մղումին հաղորդ դառնալու։
Ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան ընթացքին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Արա Կիւլէրի թանգարանի զարգացման տնօրէնուհի Եասեմին Էօզիւյէ, հաղորդակցութեան տնօրէնուհի Զէյնէփ Էօզքաշ Կիւնէշ եւ արխիւի հետազօտող Թեմէլ Եըլմազ։ Անոնք նշեցին, որ Արա Կիւլէրի կողմէ օգտագործուած «Leica» լուսանկարչական մեքենաները այսօր արդէն բոլորովին տարբեր իմաստ մը ստացած են՝ քանի վարպետի ստեղծագործութեան հիմնական միջոցը եղած են անցեալի մէջ։
Արա Կիւլէր կը դասուի այն լուսանկարչութեան վարպետներու շարքին, որոնց անունը «Leica»ի հետ նոյնացած է։
Արա Կիւլէրի թանգարանը յառաջիկայ շրջանին դարձեալ բանուկ պիտի ըլլայ՝ քանի այս ցուցահանդէսն ալ թեկնածու է դասուելու անմոռանալիներու շարքին։
