ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանի մօտ Մալթայի Ինքնիշխան մարտական ուխտի նորանշանակ դեսպան Մարքօ Ռոմոլին։ Ողջունելով դեսպանին այցելութիւնը համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնը՝ Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորեց զինքը դիւանագիտական առաքելութիւնը ստանձնելու կապակցութեամբ եւ մաղթեց արդիւնաւէտ գործունէութիւն։ 

Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը բարձր գնայատեց Մալթայի Ինքնիշխան մարտական ուխտի մարդասիրական գործունէութիւնն ու հայ ժողովուրդին ի նպաստ ցուցաբերած աջակցութիւնը՝ կարեւորելով Հայաստանէ ներս բարեսիրական եւ առողջապահական ծրագիրներու շարունակականութիւնը։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ընկերային, առողջապահական եւ հոգեխնամ առաքելութեան՝ մասնաւորապէս Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներու կարիքներուն եւ անոնց ցուցաբերուած աջակցութեան։

Իր հերթին, նորանշանակ դեսպանը Վեհափառ Հայրապետին շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ ներկայացուց Մալթայի կողմէ Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած առողջապահական եւ ընկերային աջակցութեան ծրագիրները։

Զրոյցի աւարտին խօսուեցաւ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ մարդասիրական ոլորտէ ներս համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն մասին։ Կողմերը կարեւորեցին համատեղ ջանքերը՝ ընկերային դժուարութիւններու առջեւ կանգնած ընտանիքներուն աջակցելու տեսակէտէ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2026