ԳՐԱԳԷՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
Պարոն Թաուֆիք ալ-Հաքիմ իր փղոսկրեայ աշտարակէն գրած է յօդուած մը, ուր կ՚ըսէ. «Պետութիւնը գրականութեան լուրջ աչքով չի նայիր. անոր համար գրականութիւնը երեւակայական բան մըն է՝ գոյութիւն չունեցող եւ հաշուի չառնուող»։ Ապա կ՚ըսէ. «Գրագէտներուն միջեւ կարգապահութեան ոգիին բացակայութիւնը, անոնց ցրուածութիւնը եւ իրենց բոլորին կապող շահերուն ու բոլորին վերաբերող հարցերուն շուրջ մտածելէ հեռու մնալը զիրենք զրկած են նիւթական եւ բարոյական օգուտէ եւ զանոնք դարձուցած են այնպիսի խումբ մը, որ պետութեան աչքին ո՛չ վտանգ կը սպառնայ, ո՛չ ալ կշիռ ունի»։
Ուրիշ յօդուածի մը մէջ ան կը հարցնէ մեր ժամանակակից գրագէտներուն. «Արդեօք անոնք հասկցա՞ծ են իրենց առաքելութեան էութիւնը»։ Ան կը յիշէ, թէ Եւրոպայի գրագէտները ի՞նչ կ՚ընեն. «Երբ վտանգի հով մը կը փչէ այդ արժէքներէն մէկուն՝ ազատութեան, միտքի, արդարութեան, իրաւունքի եւ գեղեցկութեան վրայ. ինչպէ՛ս ամէն գրագէտ կը հանէ իր անցողիկ ազգութեան պատմուճանը՝ մտնելու համար յաւերժական միտքի տաճարը եւ խօսելու մարդկութեան բարձրագոյն արժէքներու պաշտպանութեան համար ապրող մէկ ու միասնական մարմինին անունով»։
Ապա, Եգիպտոսի մէջ գրականութեան անմխիթար վիճակը նկարագրելէ ետք, կ՚ըսէ. «Այս բոլորին դիմաց գրականութիւնը կանգնած էր խեղճ ու անօգնական, ուժէ եւ կարողութենէ զուրկ։ Պետութեան եւ հասարակութեան մէջ գրագէտներուն վայելած հեղինակութիւնը կորսուած էր. ժողովուրդն ու պետական մարդիկ կը մերժէին գրագէտին պաշտօնական գնահատանքի եւ հանրային յարգանքի արժանի ըլլալը։ Պետութիւնը նոյնիսկ պարզ գիւղապետը կը ճանչնայ ու պաշտօնապէս կը հրաւիրէ հանդէսներու՝ իբրեւ գիւղապետ։ Իսկ գրագէտը, որքան ալ իր գրականութեամբ համբաւաւոր ըլլայ, պաշտօնական մարդոց աչքին անծանօթ կը մնայ եւ անոնք բնա՛ւ զինք իբրեւ գրագէտ պիտի չընդունին կամ ընկալեն»։
Պրն. ալ-Հաքիմի այս երկու յօդուածներուն մէջի գրութիւններն են, որ զիս մղեցին ստորեւ արձագանգելու անոր՝ գրագէտին առաքելութեան, գրագէտին ու պետութեան յարաբերութեան, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի մէջ, կամ ընդհանրապէս արեւելքի երկիրներուն մէջ, գրականութեան ապագային մասին զանազան խորհրդածութիւններ։
*
Արդեօք ճի՞շդ է, որ գրականութիւնը պետութենէն իր իրաւունքներուն ճանաչում կը պահանջէ։
Իսկ ես Աստուծմէ կը խնդրեմ, որ զիս պահէ այդ օրուան հասնելէ, երբ գրականութեան վիճակը կախեալ ըլլայ պետութեան, պետութեան չափանիշներուն եւ պետական մարդոց ճանաչումէն։ Որովհետեւ այս մարդոց չափանիշներն ու գրականութեան չափանիշները հակադիր են, կամ այնքան տարբեր, որ մէկ չափով չեն կրնար չափուիլ։
Պետութեան չափանիշները տարածուած ու կրկնուող, միօրինակ ընթացքով յառաջացող արժէքներու չափանիշներ են։ Գրականութեան չափանիշները յատուկ արժէքներու չափանիշներ են. անոնք կը տարբերին, կը նորոգուին եւ օրերէն առաջ կ՚անցնին։
Պետութեան չափանիշները ընդունուած ներկայի նշանն են։ Գրականութեան չափանիշները ազատութեան նշանն են, որ սահմանուած պայմանադրութեամբ չեն կաշկանդուիր եւ կրնան ձգտիլ նոր պայմանադրութեան մը, որ ժամանակի ընթացքին հինին տեղը կ՚առնէ։
Պետութեան չափանիշները ընդունուած սովորութեան չափանիշներ են, իսկ գրականութեան չափանիշները՝ ստեղծագործ նորարարութեան։
Պետութեան չափանիշները այն բաներուն չափանիշներն են, որոնք պետութիւնը կը ստեղծէ, կը տնօրինէ կամ ատեն մը կը բարձրացնէ, ուրիշ ատեն՝ կը նուազեցնէ։ Իսկ գրականութեան չափանիշները այն բաներուն չափանիշներն են, որոնց վրայ պետութիւնները՝ միասնաբար կամ առանձին, իշխանութիւն չունին։ Եթէ աշխարհի բոլոր պետութիւնները միաձայնէին, դարձեալ չէին կրնար գրագէտը իր արժանի դիրքէն վեր բարձրացնել կամ անկէ վար իջեցնել. չէին կրնար փոխել անոր գրած մէկ տողին արժէքը, ո՛չ ալ այն խորհրդածութիւններէն մէկուն արժէքը, որ գրելու ներշնչանքը կը թելադրէ իրեն։
Ահա թէ ինչու նոր ժամանակներուն, յատկապէս, պետութեան մարդոց եւ գրականութեան մարդոց մեծամասնութեան միջեւ թաքուն թշնամութիւն մը գոյութիւն ունի։ Պետական մարդիկ կը սիրեն զգալ, թէ մարդիկ իրենց իշխանութեան տակ են եւ կ՚ուզեն իրենց ձեռքերուն մէջ պահել բոլոր սանձերը։ Բայց, ահա, գրականութիւնը ունի իրենցմէ տարբեր օրէնք, տարբեր չափանիշ եւ տարբեր ասպարէզ. ահա նոր դարաշրջանը գրագէտներուն առջեւ կը բանայ դուռ մը, որ իրենցը չէ եւ կ՚ուղղէ զանոնք դէպի ուրիշ կողմ մը, ո՛չ թէ դէպի այն կողմը, ուր անցեալ դարերուն գրագէտները կը դառնային։
Եթէ հասնէինք այն օրուան, երբ պետութիւնը գրագէտները ճանչնար, անիկա պիտի չճանչնար անոնց լաւագոյնները, կարողագոյնները կամ առանձնայատուկ արժանիքներ ունեցողները։ Պիտի ճանչնար անոնք, որոնք կը հնազանդին իրեն, կը գոհացնեն իր հպարտութիւնը եւ իր բարկութեամբ կամ բարեհաճութեամբ կը բարձրանան կամ կը նուազին։
Եգիպտոսը արեւմուտքի ու արեւելքի պետութիւններուն մէջ բացառութիւն մը չէ։ Աշխարհի մէջ ո՛չ մէկ պետութիւն Պեռնար Շոն, Պերթրան Ռասըլը եւ Ռոմէն Ռոլանը կը ճանչնայ այնքան, ինչքան կը ճանչնայ երկրորդ կարգի գրողներու տականքը։
*
Այս խօսքը գրականութեան եւ պետական մարդոց կողմէ անոր ճանաչումին մասին էր։ Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել գրագէտներու բաժանման ու միաւորման, կամ այս կամ այն վիճակին՝ գրագէտներու արժանիքները գնահատելու վրայ ունեցած ազդեցութեան մասին։
Ճի՞շդ է, որ գրագէտները պէտք ունին միաւորուելու։
Աւելի օգտակար եւ ճշմարտութիւնը պարզելու աւելի յարմար հարցում մը պիտի ըլլար՝ ճի՞շդ է, որ երկու բանաստեղծ միասին մէկ բանաստեղծութիւն կը յօրինեն։ Ճի՞շդ է, որ երկու նկարիչ միասին մէկ պատկեր կը նկարեն։ Եւ, ճի՞շդ է, որ գրականութիւնը իր էութեամբ համագործակցութեան ու համատեղ աշխատանքի գործ մըն է։
Իրականութիւնն այն է, որ գրագէտները իրենց գործերը ստեղծելու ատեն անհատներ են՝ առանձին-առանձին։ Անոնք ստեղծագործելու ու նոր բան մը յօրինելը դիւրացնելու համար ժողովի մը պէտք չունին եւ համաձայնութենէն կամ հաւաքուելէն բնաւ օգուտ չեն քաղեր։ Իրականութեան մէջ համագործակցութիւնը բաժիններու, բաժնետոմսերու եւ մասերու հարցերուն կը վերաբերի, ո՛չ թէ ստեղծագործելու, կազմաւորելու ու կեանք տալու։ Որովհետեւ, արուեստի գաղափարը կենդանի էակ մըն է, ինքնուրոյն ամբողջութիւն մը. երկու միտք չեն կրնար անոր մէջ բաժին ունենալ, ինչպէս մէկ զաւակի հայր երկու հոգի չեն կրնար ըլլալ։ Ուստի, եթէ գրագէտներու միջեւ համագործակցութիւն մը ըլլայ, անիկա հայրերու համագործակցութեան պէս կ՚ըլլայ։ Այսինքն՝ իրենց զաւակները խնամելու եւ սերունդը պաշտպանելու համագործակցութիւն մը։ Հայրերը հազուադէպօրէն միայն նման համագործակցութեան պէտք կ՚ունենան։
Երբ գրագէտները հաւաքուին, անոնց հաւաքը գրականութեան ծայրամասերուն կամ, ինչպէս կ՚ըսեն, գրականութեան «պայմաններուն» կը վերաբերի եւ ո՛չ թէ գրականութեան բուն էութեան։
Երբ բժիշկները կը հաւաքուին՝ մէկ բժշկութիւն կայ: Երբ փաստաբանները կը հաւաքուին՝ մէկ օրէնք ու մէկ դատական համակարգ կայ: Երբ ճարտարապետներն ու ճարտարագէտները կը հաւաքուին՝ մէկ ճարտարապետութիւն ու մէկ շինարարութիւն կայ։ Ուրեմն, ինչպէ՞ս կրնան գրագէտները հաւաքուիլ բժիշկներու, փաստաբաններու եւ ճարտարապետներու պէս, երբ անոնցմէ իւրաքանչիւրը չկրկնուող օրինակ մըն է, նմանակում չընդունող տեսակ մը. իսկ մէկ գրագէտի գրականութեան դիմաց՝ տարբեր գրականութիւններ կան։
Հմուտ փաստաբանը կրնայ փոխարինել ուրիշ հմուտ փաստաբանի մը։ Բայց մեծ գրագէտը կրնա՞յ փոխարինել ուրիշ մեծ գրագէտի մը։ Արուեստներու մէջ ստեղծագործող մը կրնա՞յ ուրիշ ստեղծագործողի մը տեղը առնել։ Ո՛չ։ Անիկա չի՛ կրնար փոխարինել միւսը, ո՛չ ալ մէկը միւսին հետ կը շփոթուի, ինչպէս գեղեցիկ դէմքը սիրահարին համար չի՛ կրնար փոխարինուիլ ուրիշ գեղեցիկ դէմքով մը, նոյնիսկ եթէ երկուքն ալ գեղեցկութեան յատկանիշը կը բաժնեն։ Իւրաքանչիւր գրագէտ ինքնին առանձին տեսակ մըն է եւ իւրաքանչիւրը միւս գրագէտներէն անկախ է, բացի այն պարագայէն, երբ անոնք կը համագործակցին, ինչպէս ըսինք, գրականութեան ծայրամասերուն ու պայմաններուն՝ եւ ոչ թէ անոր էութեան ու միջուկին շուրջ։
*
Արդեօք գրագէտը պատգամ ունի՞։ Այո՛։ Գրագէտ չէ ան, որ միտքի աշխարհին մէջ պատգամ մը չունի, ո՛չ ներշնչում ունի, ո՛չ ալ առաջնորդութիւն։
Բայց արդեօք գրականութիւնը ամբողջութեամբ մէ՞կ պատգամ ունի, որ իր նպատակով համընկնի գրագէտներու տարբեր պատգամներուն, շնորհքներու ու կարծիքներու բազմազանութեան։ Այո՛։ Անոնց բոլորին մէկ պատգամն է՝ ազատութեան ու գեղեցկութեան պատգամը։
Գրականութեան թշնամին ան է, որ բռնակալութեան կը ծառայէ, կը կաշկանդէ միտքի ազատ հոսքը եւ կը խաթարէ իրերուն գեղեցկութիւնը։ Իսկ գրականութեան վստահուած սրբազան պարտքին կը դաւաճանէ ան, որ ազատութեան հաւատքէն տարբեր հաւատք մը կը քարոզէ։ Պրն. Թաուֆիք գիտէ՞, թէ ի՛նչ է մարդկային մշակոյթին սպառնացող վտանգը, որմէ Տիւհամէլ կը վախնայ եւ որուն պատճառով Եւրոպայի բոլոր գրողները կը մտահոգուին ճաշակի, մտածողութեան, արուեստի եւ առողջ զգացումի ապագայով։ Պրն. Թաուֆիք գիտէ՞, թէ ի՛նչ է այն զգայական հրապոյրի գաղտնիքը, որ տիրած է բնաւորութիւններուն ու ճաշակներուն եւ արտայայտուած է անառակութեան վայրերուն կամ աժանագին գրականութեան մէջ։
Անոր մեծագոյն գաղտնիքը «բռնապետութեան» ժանտախտն է, որ վերջին ժամանակներուն տարածուած է բազմաթիւ ժողովուրդներու մէջ։ Որովհետեւ, բռնապետութիւնը ինչ ձեւով ալ ըլլայ, կը նշանակէ ֆիզիքական ուժին տիրապետութիւնը մտաւոր եւ հոգեկան ուժերուն վրայ։ Եւ մարդը կը վերադարձնէ մեքենայի վիճակին, որ կը հնազանդի ու կը գործէ առանց կամքի եւ առանց մտածելու։ Իսկ ո՞ւր կրնան տեղ գտնել իմաստներն ու մշակոյթները ֆիզիքական ուժերուն եւ մեքենաներուն միջեւ։ Եւ ո՞ւր է այն գրագէտը, որ արժանի է գրականութեան սրբազան պարտքին, մինչդեռ բռնակալութեան կրօնը կը քարոզէ։ Ահա թէ ինչու ժողովրդավար ժողովուրդներուն մէջ տակաւին կան մտածող ուղեղներ ու ստեղծագործ շնորհքներ, մինչդեռ բռնապետական երկիրներուն մէջ ո՛չ միտք մնացած է, ո՛չ ալ ստեղծագործ շնորհք։
Եթէ ժողովրդավար ժողովուրդի մը մէջ գրելը եւ ստեղծագործելը մասամբ կը խափանուին, ապա այդ խափանումը կը ծագի այնպիսի վիճակէ մը, որ բռնակալութեան պայմաններուն կը նմանի. բանաստեղծներու բազմութեան մէջ թիւով մեծամասնութեան տարածումէն եւ ճաշակը դէպի քանակը, այլ ոչ թէ հազուագիւտ արժանիքը ուղղելէն։ Այսինքն, ճաշակը կը վերադառնայ «մկանային ուժի յեղափոխութեան» եւ ո՛չ թէ ազատութեան կամ անհատական արժանիքի։
Իւրաքանչիւր գրագէտ պատգամ մը ունի։
Եւ բոլոր գրագէտներուն առաքելութիւնն է՝ ազատութեան կրօնը քարոզել եւ բռնակալներու յարձակողական տիրապետութեան դէմ խօսիլ։ Գրականութեան հանդէպ աւելի մեծ թշնամութիւն, կամ գրագէտին վստահուած պարտքին աւելի մեծ դաւաճանութիւն չկայ, քան «ֆիզիքական ուժին» թշնամութիւնը եւ բռնակալութեան դաւաճանութիւնը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ