ՄՕՏԱԼՈՒՏ ԴՌՆՓԱԿ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ անընդհատ ջանքեր գործադրել՝ Մոսկուա-Քիեւ առանցքին վրայ հաշտութիւն ապահովելու առաջադրութեամբ: Յառաջիկայ 10-11 նոյեմբերին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաքին՝ Ապու Տապիի մէջ նախատեսուած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի միջեւ եռակողմանի բանակցութիւններ: ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ ներկայացուցիչը՝ Սթիւ Ուիթքոֆ վերջին օրերուն տեղեկացուց, որ բանակցութիւններու թուականը արդէն յստակացած է: 

Իր կարգին, Տանըլտ Թրամփ հերթական անգամ լաւատես յայտարարութիւններ ըրաւ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան ապագայի շուրջ: Ան դիտել տուաւ, որ կողմերը մօտ են համաձայնութեան: Արդարեւ, ըստ շարք մը ամերիկեան աղբիւրներու՝ Թրամփ տեղեկացուցած է, որ վերջին շրջանին հաշտութեան ուղղեալ բանակցութիւններուն մէջ արձանագրուած է յառաջընթաց:

Մոսկուայի ղեկավարութիւնն ալ մօտալուտ բանակցութիւններուն արձագանգեց ամենաբարձր մակարդակի վրայ: Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով տեղեկացուց, որ Ապու Տապիի բանակցութիւնները նախատեսուած են դռնփակ: Իր խօսքով՝ օրակարգի վրայ պիտի գտնուին ընդհանրապէս անվտանգութեան, անվտանգութեան ապահովման եւ բանակցութիւններու ներգրաւուած կողմերուն տեսակէտէ անվտանգութեան երաշխիքները: 

Մինչ այդ, Մոսկուայի ղեկավարութիւնը յոյս յայտնեց, թէ ԱՄՆ-ի մէջ տեղի ունեցած մասնակի ընտրութիւններէն վերջ նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը շարունակէ իր խաղաղարար առաքելութիւնը:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2026