ՍԱՄՈՒԷԼ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ԴԱՐՁԵԱԼ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ

Երէկ, Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի լարուածութիւններու եւ պառակտումներու առկայ համայնապատկերին վրայ տեղի ունեցաւ զգայացունց նոր իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, ձերբակալուեցաւ յայտնի գործարար Սամուէլ Կարապետեան, որու առաջնորդած քաղաքական ուժը՝ «Հզօր Հայաստան» կուսակցութիւնը ներկայիս Ազգային ժողովէն ներս կը զբաղեցնէ գլխաւոր ընդդիմադիրի դիրքը։ 

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Քննչական կոմիտէն տեղեկացուց Սամուէլ Կարապետեանի ձերբակալման մասին։ Այսպէս, իր եւ եւս 35 անձի դէմ հանրային քրէական հետապնդման ձեռնարկուած է։ Պատճառը Հայաստանի ելեկտրացանցերու ընկերութիւնը առանձնապէս խոշոր չափերով գոյքային վնասի ենթարկելը, ընկերութեան վստահուած գոյքը յափշտակելու եւ գումարներու լուացման ծառայեցլեու վերաբերեալ պնդումներն են։ Ըստ Քննչական կոմիտէին՝ ընկերութեան պատճառուած ընդհանուր վնասը կը հասնի շուրջ 65 միլիառ հայկական դրամի մակարդակին։

Հայաստանի ելեկտրացանցերը մինչեւ մօտաւոր անցեալը կը ղեկավարուէին Սամուէլ Կարապետեանի ընկերութեան կողմէ։ Իշխանութիւնները որոշ քայլերու ձեռնարկելով, այդ ընկերութեան կառավարման աշխատանքը դադրեցուցին։

Բնականաբար, քանի Սամուէլ Կարապետեան միեւնոյն ժամանակ քաղաքական, ընդդիմադիր առաջնորդ մըն է, այս բոլորը կը մեկնաբանուին համապատասխան հանգամանքները հաշուի առնելով։

Հայաստանի Քննչական կոմիտէին կողմէ ձեռնարկուած այս գործի շրջանակներէն ներս, երէկ իրաւապահները միաժամանակեայ խուզարկութիւններ իրականացուցին 65 բնակարաններէ կամ ընկերութիւններու գործունէութեան հասցէներէջ ներս։

Դատախազութիւնը միջնորդած է, որպէսզի Սամուէլ Կարապետեան բանտարկուի։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2026