ՓՈԽԱԿԵՐՊՈՒՄՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆ
Այսօր, Երեւանի մէջ կը սկսի Համաշխարհային հայկական գագաթաժողով ՚26-ը, որ կազմակերպուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ։ Սա համահայկական միասնական քննարկումներու հարթակ մըն է, որու վրայ աշխատանքը պիտի շարունակուի մինչեւ շաբաթավերջ։ Այս գագաթաժողովը կը զուգադիպի թէ՛ Հայաստանի եւ թէ համայն հայութեան տեսակէտէ փոխակերպումներու ժամանակաշրջանի մը, ինչ որ բացառիկ նշանակութիւն կը վերագրէ ձեռնարկին։ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը ամենաբարձր մակարդակի վրայ մասնակցութիւն պիտի բերէ այս գագաթաժողովին, որու ընթացքին թէ՛ առիթ կը ներկայանայ սփիւռքի շրջանակներուն հետ շփուելու եւ թէ հիմնական խնդիրներու շուրջ պատգամներ փոխանցելու համար։
Համաշխարհային հայկական գագաթաժողով ՚26-ը այսօր երեկոյեան կը սկսի բացման հանդիսաւոր արարողութեամբ։ Ամբողջ աշխատանքը նախատեսուած է Երեւանի «Մերիտիան» ցուցահանդէսներու կեդրոնի համալիրէն ներս։ Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնն ալ տեղի կ՚ունենայ նոյն համալիրի երդիքին տակ՝ պաշտօնական ընդունելութեան մը ձեւաչափով։
Վաղը առաւօտ պիտի սկսին այս գագաթաժողովի հիմնական աշխատանքները։ Առաջին փուլին պաշտօնական սկիզբը լիագումար նիստով մը պիտի ըլլայ։ Ապա խոշորացոյցի տակ պիտի առնուին տարածաշրջանային նոր իրողութիւններն ու առաջնահերթութիւնները։ Հայաստանի ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերը զեկուցումներով պիտի ներկայացնեն յառաջիկայ քայլերու ուրուագծումը։ Այս նպատակով զանազան համաժամանակեայ քննարկումներ նախատեսուած են։ Ժողովրդավար Հայաստանի յառաջընթացի նոր մտածելակերպը, երկրի թեքնոբանական զարգացման ազդեցութեան ձեւաւորած առանցքը, Հայաստանի տարածաշրջանային կապակցուածութեան եւ համաշխարհային հաղորդակցութիւններու հանգոյցի մը վրայ գտնուելու պարագաները պիտի ուսումնասիրուին զանազան երեսակներով։ Այս ամբողջին մէջ, բնականաբար, խաղաղութեան եւ անվտանգութեան խնդիրներն ալ պիտի արծարծուին՝ տարածաշրջանային փոխակերպումներու իրողութիւններու պայմաններուն ներքեւ։
Հայաստան-սփիւռք բազմոլորտ համագործակցութեան ծրագիրները, ներուժի համադրումն ու հնարաւորութիւններն ալ այս գագաթաժողովի առանցքային քննարկման նիւթերու շարքին պիտի գտնուին։ Գործարարութեան եւ ներդրումներու տեսակէտէ համագործակցութեան հարթակ մը պիտի ստեղծուի Երեւանի մէջ, ուր ստեղծարար ոլորտներու համագործակցութիւնը առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ պիտի դարձուի։ Բացառիկ նշանակութիւն կը վերագրուի նաեւ առողջապահութեան բնագաւառէն ներս համագործակցութեան հեռանկարներուն։
Սփիւռքի համայնքներու եւ Հայաստանի միջեւ կապերու ամրապնդումն ու ընդլայնումը, սփիւռքի ներուժի համախմբումը այս հաւաքի օրակարգի հիմնական նիւթերու շարքին կը գտնուին։ Անշուշտ, սփիւռքի ներուժը Հայաստանի զարգացման համատեսքին մէջ պիտի արծարծուի՝ բարեգործութենէ դէպի երկարաժամկէտ ազդեցութիւն։ Սփիւռքի հայկական համայնքներուն ջանքերով տարածաշրջանային երկխօսութեան հարթակներու ձեւաւորումը, ինչպէս նաեւ միջազգային համագործակցութեան տեսակէտէ սփիւռքի համընդհանուր օրակարգի զարգացումը բազմակողմանի քննարկումներու ծիրէն դուրս պիտի չմնան։ Հայագիտութեան եւ համայնքային կրթութեան խնդիրները առանձին բանախօսութիւններով եւ կլոր սեղաններով պիտի շօշափուին։ Ի լրումն այս բոլորին, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու եւ հանրային վստահութեան խնդիրները, ժամանակակից հաղորդակցային միջոցներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու հնարաւորութիւններն ալ գագաթաժողովի ուշադրութենէն պիտի չսպրդին, քանի որ անոնք չափազանց կարեւոր նշանակութիւն ունին հանրային կարծիքի ձեւաւորման եւ համահայկական առումով բազմապատկիչ գործօններ ձեւաւորելու տեսակէտէ։
Հայ առաջնորդ կանանց համաշխարհային ազդեցութեան եւ ապագայի տեսլականներու խնդիրները նոյնպէս ուշադրութեան առարկայ պիտի դառնան հաւաքի օրերուն։
Սփիւռքէ ներս հայկական մշակոյթի պահպանումը, զարգացումն ու ծանօթացումը ուշադրութեան առարկայ պիտի դառնան՝ սփիւռքեան նախաձեռնութիւններու շնորհանդէսով մը հանդերձ։
Հաւաքի օրերուն Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին ծրագիրները պիտի ներկայացուին մանրամասնօրէն եւ աշխատանքային ծրագիրը աւարտին պիտի հասնի եզրափակիչ լիագումար նիստով՝ Հայաստան-սփիւռքհամագործակցութեան նոր տեսլականի որոնման համայնապատկերին վրայ։
Գագաթաժողովի փակումն ալ պիտի ըլլայ հանդիսաւոր ընդունելութեամբ։ Մինչ այդ, ծրագրի բոլոր օրերուն նախատեսուած են յատուկ բանախօսութիւններ, ինչպէս նաեւ մշակութային ծրագրեր։