«ԴԱՐՈՒ ՁԱՅՆԸ. ԱՆՑԵԱԼԷՆ՝ ԱՊԱԳԱՅ

Հայաստանի Հանրային ռատիոն այս շրջանին կը նշէ իր հիմնադրութեան 100-ամեակը: Այս կարեւոր յոբելեանին առթիւ Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ մետիայի միջազգային խորհրդաժողով մը: «Դարու ձայնը. անցեալէն՝ ապագայ» խորագրեալ հաւաքոյթի ընթացքին ոլորտի ներկայացուցիչները արժեւորեցին զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ընդհանուր երթն ու հեռանկարները:

Հայաստանի Հանրային ռատիոյի հիմնադրութեան դարադարձին առթիւ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ յոբելենական հանդիսաւոր համերգ մը:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2026