ԿՈՐՈՒՍՏԻ ՎԱԽԸ

Վախը զօրաւոր բնազդ մըն է՝ մարդուն կեանքը պաշտպանող զրահ մը։ Մարդուն հարստութեան եւ առողջութեան, հանգստութեան եւ դիւրութեան, բարեկամներուն եւ սիրելիներուն, եւ վերջապէս կեանքի մէջ իր թանկագին նկատած որեւէ մէկ բանին կորուստին վախը շատերուն մղձաւանջն է։

Այս վախը կրնայ բանաւոր ըլլալ եւ սակայն իրողութիւն մըն է, թէ շատ անգամ անբանաւոր վախեր են՝ հիանդագին եւ տկար հոգիներու մղձաւանջները՝ որոնք կեանքին խաղաղութիւնը, ներքին անդորրութիւնը եւ երջանկութիւնը կը թունաւորեն անհարկի, աննպաստ կերպով։

Եւ կեանքը իր պարագաներուն պատշաճեցնելու եւ ներդաշնակելու դաստիարակութեան կարեւոր պայմաններէն եւ ազդակներէն մէկն է վախը պահել իր բանաւոր չափին եւ սահմանին մէջ, եւ ազատ ասպարէզ չտալ անոր սանձարձակ արշաւելու ամէն կողմ եւ ամէն ժամ։ Ուստի, բանականութիւնը պէ՛տք է իշխէ վախին… քանի որ բանաւոր վախը աստուածաշնորհ պարգեւ մըն է մարդուն։

Վախը՝ բանաւոր, չափաւոր, մարդը ամրապէս կը մօտեցնէ եւ կը միացնէ Աստուծոյ։ Եւ այս իմաստով վախը՝ Սուրբ Հոգիին յատուկ ուժը կու տայ մարդուն, որպէսզի իբրեւ ճշմարիտ վկաներ Քրիստոսի՝ խօսքով եւ գործով, զօրացնելու հաւատքը ընէ այն ամէն բանը, քանի որ չափաւոր եւ բանաւոր վախը կը զօրացնէ հաւատքը։

Վախը՝ հաւատացեալին նկարագիրը կը կատարելագործէ։ Առանց «վախ»ի կեանք մը կարելի չէ երեւակայել, քանի վախը ազդարարիչ մըն է մարդուն՝ կեանքի բոլոր վտանգներուն մէջ։ Վախն է, որ կը զգուշացնէ մարդը չարին դէմ։ Ապահով եւ վստահելի ուժ մըն է վախը՝ Աստուծոյ կողմէ մարդուն հոգիին մէջ ներմուծուած։

Վախը դաստիարակութիւն եւ փորձառութիւն կը պահանջէ։ Այս դաստիարակութեան մէջ կարեւոր տարր մը կը գտնուի. մարդուն «թանկագին» նկատած արժէքներուն կորուստին վախը կրնայ ո՛չ թէ միայն բանաւոր եւ ստոյգ ըլլալ, այլ կրնայ դադրիլ սոսկ «վախ» մը ըլլալէ եւ կրնայ իրականութիւն դառնալ, եւ իրապէս կարելի է կորսնցնել, զոր օրինակ, նիւթական բարեկեցութիւնը, կորսնցնել կեանքի զանազան բարիքները՝ որոնք մարդուս հանգստութեան եւ երջանկութեան խարիսխը կը կազմեն։

Եւ արդարեւ, տնտեսական անկառավարելի փոթորիկներ չէ՞ որ մէկ օրէն միւսը փճացուցած են հարստութիւններ, եւ ատոնց հետ թաղուած են երկար տարիներու յոյսեր, փայփայւած երազներ եւ ծրագրուած երջանկութիւններ։

Մարդ կրնայ յոռետես ըլլալ, այդ ալ բնական է, բայց ամէն պարագայի պէտք է լաւատեսութեամբ յուսայ եւ չկորսնցնէ յոյսը ապագային, եւ այս ալ կարելի է յոռետես վախը՝ բանաւոր եւ չափաւոր վախի վերածելով։ Արդարեւ, սանձարձակ եւ չհակակշռուած՝ բանականութենէ զուրկ վախը՝ ամենամեծ վա՛խն է։

Պատմութիւնը կը վկայէ այն անձերուն՝ որոնք ենթարկուած են կորուստներու եւ կեանքի բնական ընթացքի փոփոխութիւններուն։ Յաճախադէպ պարագաներու մէջ՝ մարդու հոգիին պարտութիւնը եւ յուսահատութիւնը։ Եւ անոնք, որոնք կեանքի յանկարծական աննպաստ փոփոխութիւններուն առջեւ նահանջած, զինաթափ եղած եւ պարտուած են, մեծ մասամբ այն անձերն են՝ որոնք կեանքին կարելի դժբախտութիւնները նախատեսելու իմաստութիւնը եւ հեռատեսութիւնը եւ կեանքը պարագաներուն պատշաճեցնելու դաստիարակութիւնը եւ քաջութիւնը չեն ունեցած, մինչդեռ Յիսուս կը պատուիրէ. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։

Ասիկա երբեք յոռետեսութիւն չէ՛, ինչպէս վախը տկարութիւն չէ, այնքան ատեն, որ բանաւոր է եւ չափաւոր, իսկ ասիկա իրատեսութիւն է. իրատութիւն մը՝ յոյսի լաւատեսութեամբ զօրացած եւ մանաւանդ քաջութեամբ դիմաւորելով ամէն նեղութիւն, ամէն վտանգ եւ նոյնիսկ ամէն կորուստ։

Եւ կորուստի մասին վերջին խօսք մը. հոգեւոր եւ բարոյական իմաստով աւելի երանելի է կորսնցնել՝ քան կորսուիլ… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2026