ԲԱՐԿԱՆԱԼՈՒ ՃԻՇԴ ՁԵՒԸ

Մենք կը հաւատանք, որ բարկութիւնը մեր զգացումներուն արտայայտութիւնն է եւ հետեւաբար, դժուար թէ մարդ կարենայ կառավարել, սակայն, հոգեբանականօրէն այդպէս չէ։ Բարկանալը զգացումի մը արտայայտութիւնը ըլլալէ անդին պարտի ունենալ նպատակ։ Բարկութիւն մը, որ իբր նպատակ ունի լոկ ներքին լարուածութիւնը՝ դուրս հանելու պարզապէս վատ հետեւանքներ կրնայ ունենալ։ Մարդիկ կը բարկանան, որպէսզի հանգստանան, սակայն, ճիշդ բարկութեան նպատակը պէտք է ամբողջութեամբ տարբեր ըլլայ։ Բարկութեան ճիշդ նպատակը վիճաբանութեան մը մէջ յաղթանակած դուրս գալու հաճոյքը կորսնցնել չի կրնար ըլլալ։ Անոր փոխարէն նպատակ կ՚ըլլայ անարդարութեան դէմ պայքարը։ Անձ մը մեր կամ ուրիշին հանդէպ անարդար վերաբերմունք կ՚ունենայ եւ մեր բարկութիւնը այդտեղ որպէս միջոց եւ միջոցին մէջէն որպէս նպատակ կը ծառայէ այդ անարդարութեան վերջ տալ։ Եթէ ուրիշը անարդարութիւն գործէ եւ մենք բարկութեամբ անոր դէմ անարդարութիւն գործենք, այդտեղ շինիչ ո՛չ մէկ արդիւնք կարելի է ձեռք բերել։ Անարդարութեան անարդարութեամբ պատասխանելը անարդարութիւնը չի վերացներ, այլ նոր հակամարտութեան մը դուռ կը բանայ։ Բարկութեան նպատակը այդ անարդարութեան դէմ պայքարիլն է եւ ո՛չ թէ անոր դիմաց նոր անարդարութիւն մը գործելը։ Բարկութեան մէջ պէտք է յստակ տարբերել վրէժխնդրութիւնը արդարութեան պահանջէն։ Մարդ կը բարկանայ, որպէսզի սխալը ի յայտ գայ, վնասը սրբագրուի եւ նման վարքագիծ մը դարձեալ տեղի չունենայ։ Այստեղ բարկութեան նպատակը թէ՛ եղածը սրբագրել եւ թէ ապագայ սխալները կանխելն է, սակայն, վրէժխնդրութիւնը ամբողջութեամբ հակառակն է, որ կ՚ընէ։ Մարդ կ՚ուզէ, որ նոյն ցաւով ու բարկութեամբ տառապի դիմացինը եւ այդտեղ ո՛չ իր բարկութիւնը եւ ո՛չ ալ դիմացինին բարկութիւնը արդարութիւն կը հաստատէ: 

Բարկութեան երկրորդ եւ ամենէն կարեւոր նպատակը սահմաններ հաստատելն է։ Բարկութեամբ մարդ իր իրաւունքները պաշտպանելով կրնայ սահման մը գծել, որպէսզի նման դէպք անգամ մը եւս չկրկնուի։ Բարկութիւնը պէտք է ըլլայ միջոց, դիմացինին յստակ դարձնելու, թէ ո՛ր վարքը իրեն համար ընդունելի եւ որ վարքը անընդունելի է։ Շատ անգամ մարդիկ կը կարծեն, որ բոլորը պարտաւոր են հանդուրժել իրենց «սխալ»ները եւ այս պարագային բարկանալը լաւագոյն միջոցն է այդ սխալը ուղղելու։ Օրինակի համար, բարեկամ մը հանրութեան մէջ նոյնիսկ ածականով կը դիմէ ձեզի։ Առաջին անգամ կրնաք անտեսել, սակայն, երբ յաճախակի կը դառնայ, բարկութիւնը կրնայ ծառայել այդ մէկը կանխելու եւ հետեւաբար բարկութիւնը այստեղ նպատակ կը դառնայ ո՛չ թէ կռուելու, ո՛չ թէ վիրաւորելու, այլ ապագայ կրկնութիւնները կանխելու։ Այս մէկը պէտք է ընել, որովհետեւ շատ անգամ մինչեւ չբարկանաք, դիմացինը իր սխալները կրնայ չնկատել, անշուշտ, եթէ գիտակցաբար չընէր այդ բոլորը՝ յատուկ նեղութիւն պատճառելու համար: Բարկանալը միջոց է կրկնութիւնները կանխելու: 

Ի դէպ, հոգեբանութեան մէջ բարկանալը կը ներկայացուի որպէս երկրորդ զգացում՝ որ իր մէջ կը պահէ այլ զգացում մը։ Օրինակի համար, մարդ կը բարկանայ, որովհետեւ վիրաւորուած է։ Բարկութիւնը հետեւանքն է վիրաւորուած ըլլալուն։ Մարդ կրնայ բարկանալ, որովհետեւ վախի ազդեցութեան տակ է։ Հիմնական զգացումը վախն է, որուն հետեւանքով է, որ մարդ կը բարկանայ։ Օրինակի համար, մարդ կը խոստանայ եւ իր խոստումը չի կատարեր, բնականաբար, դիմացինը կը բարկանայ, սակայն, այդ բարկութիւնը իր յուսախաբ ըլլալէն ծնունդ կ՚առնէ: 

Աստուածաշունչին մէջ կայ շատ կարեւոր տող մը. «Բարկանայք եւ մի մեղանչէք»։ Միտք՝ որ արտայայտուած է թէ՛ Հին կտակարանին եւ թէ Պօղոս առաքեալի նամակներուն մէջ։ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան կը բացատրէ, որ մարդուն համար լաւագոյնն է երբեք չբարկանալը, սակայն, այդ մէկը քիչ մը անհնար է։ Այդ իսկ պատճառով կը յորդորէ, որ բարկանալը պէտք չէ պատճառ ըլլայ, որպէսզի մարդը առաջնորդէ աւելի մեծ մեղքի։ Յովհան Ոսկեբերան բարկութիւնը կը համեմատէ կրակի հետ. եթէ կրակը անմիջապէս չմարես, կրնար աւելի մեծ հրդեհի վերածուիլ։ Մարդ պէտք է իր զգացումներուն հնարաւորինս արագ լուծում գտնէ եւ այդ է պատճառը, որ խօսեցանք, թէ պէտք է ճիշդ պահուն, ճիշդ անձին եւ ճիշդ չափով բարկանալ։ Այլապէս այդ մէկը որպէս ներքին զգացում՝ երբեք վերջ պիտի չգտնէ եւ կրակը հրդեհի պիտի վերածէ: Եկեղեցւոյ հայրը կը բացատրէ, թէ բարկանալը եւ ատելութիւնը պէտք է յստակ ձեւով զանազանել։ Բարկութիւնը դրական արդիւնքի վերածելու համար պէտք չէ բարկութիւնը երկար պահել։ Անոր բառերով՝ «Արեւը ձեր բարկութեան վրայ մայր չմտնէ»։ Այլ խօսքով՝ քնանալէ առաջ պէտք է վերջ տուած ըլլալ բոլոր հակառակութիւններուն եւ բարկութիւններուն։ Հետաքրքրական է, որ Աստուածաշունչը եւս Արիստոտէլի նման չբարկանալ չի քարոզեր։ Առիթ կու տայ, որպէսզի մարդ բարկանայ, սակայն, կը զգուշացնէ մեղանչելէ։ Այս մէկը ցոյց կու տայ, որ բարկանալը նոյնիսկ հոգեւոր գետնի վրայ բնական երեւոյթ մըն է։ Յիշենք, որ Յիսուս Քրիստոս ի՛նք եւս ջղայնացաւ. օրինակի համար, ջղայնացաւ եկեղեցւոյ մէջ առեւտուր ընողներուն եւ անոնց սեղանները շրջեց։ Յիսուս Քրիստոսի բարկութիւնը թշնամութիւն չէր. կորսուած արժէքի մը պաշտպանութիւնն էր։ Յիսուս Քրիստոս սեղանները չշրջեց, որովհետեւ առեւտուր ընողները կ՚ատէր. շրջեց՝ որովհետեւ կը հաւատար, թէ տաճարը առեւտուրի կեդրոնի պէտք չէ վերածել։ Տաճարը Աստուծոյ տունն է: 

Յայտնի փիլիսոփայ մը բարկութիւնը աւելի մեծ աղէտներու վերածելէ կանխելու համար հետեւեալ խօսքը կ՚ըսէ. «Բարկութիւնը զսպելու առաջին միջոցը անոր հրահանգներուն չհնազանդիլն է»։ երանի անոր, որ իրապէս կը յաջողի բարկանալու արուեստը ամենէն ճիշդ ձեւով ի գործ դնել:

•վերջ

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Բարկանալը դիւրին է։ Դժուարը ճիշդ անձին վրայ, ճիշդ չափով, ճիշդ ժամանակին, ճիշդ նպատակով եւ ճիշդ ձեւով բարկանալն է

ԱՐԻՍՏՈՏԷԼ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 7, 2026