ՄԱՀ՝ ՄԿՐՏԻՉ ԹԻՄՈՒՐՃՈՒՕՂԼՈՒԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի այնքան սիրուած եւ համատարած յարգանքի ու համակրանքի արժանացած գործիչներէն Մկրտիչ Թիմուրճուօղլու։ Տասնամեակներ շարունակ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս մեծ նուիրումով աշխատանք տարած էր Մկրտիչ Թիմուրճուօղլու, որ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքի տիրական ու խորհրդանշական դէմքերէն մին էր։ Ան Սուրբ Խաչ դպրեվանքը աւարտելէ վերջ նետուած էր կեանքի պայքարի, սակայն, իւրաքանչիւր հանգրուանին վերանորոգած էր իր երախտագիտութիւնը՝ զինքը հասցուցած կրթական հաստատութեան նկատմամբ։ Այդ երախտագիտական զգացումը Մկրտիչ Թիմուրճուօղլուն մղած էր՝ միշտ յանձնառութեամբ ի յայտ գալու Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ի նպաստ։ Երբ երկար տասնամեակներ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի իրաւաբանական անձի կարգավիճակը հարցականի տակ էր, Մկրտիչ Թիմուրճուօղլու այդ միջանկեալ ժամանակաշրջանին տարուած պայքարի առաջնագծին վրայ էր։ Որոշ ժամանակ գլխաւորած էր Սուրբ Խաչ դպրեվանքի՝ կամաւորներէ բաղկացեալ ժամանակաւոր անպաշտօն խնամակալութիւնը։
Բացի համայնքային գործունէութենէն, Մկրտիչ Թիմուրճուօղլու բարի համբաւ ունէր գործարար կեանքէ ներս, իսկ իր ընկերային շրջանակէն ներս կը վայելէր մեծ համակրանք։ Ան տիպար ընտանեկան հայր մըն էր։ Ունէր դուստր մը, որ եւս այսօր համայնքային կեանքէ ներս կը ծաւալէ որոշ աշխատանք։
Այս տխուր առթիւ անկեղծօրէն կը խոնարհինք Մկրտիչ Թիմուրճուօղլուի բարի եւ ազնիւ յիշատակին առջեւ՝ երկնային հանգիստ մաղթելով իր յաւիտենական կեանքին համար։ Մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք իր այրիին՝ մեր սիրելի բարեկամուհի Արսինէ Թիմուրճուօղլուին, իր դստեր՝ նոյնքան սիրելի մեր բարեկամուհի Միլենա Թիմուրճուօղլուին, համայն մերձաւորներուն, ինչպէս նաեւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքին։