ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ԾՐԱԳՐԱՒՈՐՄԱՆ ԽՈՒՄԲ
Երեւան, Ուաշինկթըն եւ Պաքու թեքնիք աշխատանքային խումբ ստեղծած են TRIPP նախագիծը կեանքի կոչելու համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով օգնական Պրենտըն Հանրահան, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Էլնուր Մամետով յայտարարեցին TRIPP-ի բազմամոտէլ տարանցիկ ուղիի յառաջ մղման նպատակով եռակողմանի թեքնիք ծրագրաւորման խումբի մը աշխատանքներուն սկիզբի մասին։
Այս ձեւաչափը կը միաւորէ երեք երկիրներու քաղաքականութիւն մշակողներն ու թեքնիք փորձագէտները՝ համագործակցաբար աշխատելու եւ տարածաշրջանէն ներս երկարաժամկէտ կայունութեան, տնտեսական կենսունակութեան, տարածաշրջանային փոխկապակցուածութեան եւ առեւտրային բարգաւաճման ապահովման նպաստելու նպատակով։ Այսպէսով, կը վերահաստատուի ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջնորդութեամբ, 2025 թուականի օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ կազմակերպուած խաղաղութեան գագաթաժողովի անկիւնաքարային հռչակագրի նշանակութիւնը։
«Տեսլականը շօշափելի յառաջընթացի վերածելու ընդհանուր յանձնառութեամբ՝ կողմերը պայմանաւորուեցան գործարկել եռակողմանի թեքնիք ծրագրաւորման առաջին երկու խումբերը՝ փոխադրութեան եւ ելեկտրական ուժանիւթի հաղորդման ուղղութիւններով։ Թեքնիք ծրագրաւորման այս խումբերու ձեւաւորումը կարեւոր քայլ է՝ բարդ թեքնիք հարցերու լուծման եւ իրականացման յաջորդ փուլերուն անցնելու ուղղութեամբ՝ ներառեալ տարածաշրջանային այլ ենթակառուցուածքներու հետ կապի ապահովումը», նշուած է պաշտօնական յայտարարութեան մէջ։
Բաց աստի, կողմերը վերահաստատած են TRIPP-ի բոլոր բաղադրիչներու՝ հնարաւորինս սեղմ ժամկէտներու մէջ գործարկումը ապահովելու իրենց համապատասխան յանձնառութիւնները։