ԳԵՐՍԱՄ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ - 110
9 նոյեմբեր 2026-ին կը լրանայ ներհուն պատմաբան եւ աշխարհագրագէտ, պատմագրական մեծարժէք երկերու հեղինակ, երկարամեայ երախտաշատ ուսուցիչ յատկապէս ՀԲԸՄ-ի վարժարաններէ ներս, հայ մամուլի բազմավաստակ սպասարկու եւ «Զարթօնք» օրաթերթը անխափանօրէն 33 տարի խմբագրած եւ մեծ նուաճումներու հասցուցած Գերսամ Ահարոնեանի (Մարաշ, 9 նոյեմբեր 1916 - Պէյրութ, 20 յունուար 1981) ծննդեան 110-ամեակը:
Ուղիղ 78 տարուան անջրպետին մէջ է ընկլուզած նոյեմբերի այն բարեբաստիկ օրը, երբ երիտասարդ մտաւորական ու պատմագէտ Գերսամ Ահարոնեանը, 1948-ին ստանձնեց խմբագրապետութիւնը Պէյրութի 11 տարեկան «Զարթօնք» օրաթերթին՝ փրոֆ. Բարունակ Թովմասեանով, Միհրան Տամատեանով ծլարձակուած ՌԱԿ-ի խօսափողին, որուն խմբագրապետութեան լուսաշաւիղ երթը 1937-ի 26 սեպտեմբերին ակօսած էր Բանաստեղծութեան իշխան Վահան Թէքէեան, որուն մէկամսեայ խմբագրապետի աշխատանքէն յետոյ յաջորդած էին՝ որոշ ժամանակահատուածներուն՝ Լեւոն Թիւթիւնճեանի, Յակոբ Դաւիթեանի, տքթ. Յովսէփ Եօզկաթեանի, Գրիգոր Պէքերեճեանի, Յովհաննէս Պօղոսեանի, Համբարձում Գումրուեանի նման երիտասարդ նուիրեալ խմբագիրներ, ի վերջոյ այնքան կենսական օրաթերթին ղեկը յանձնելով Գերսամ Ահարոնեանին:
«Զարթօնք»ի խմբագրապետութիւնը նոր ստանձնած օրերուն՝ 9 նոյեմբեր 1948-ին, գրեթէ միաժամանակ կը նշուէր Ահարոնեանի ծննդեան 32-րդ տարեդարձը, երբ հազիւ տարի մը առաջ, նորանշանակ խմբագրապետը խումբ մը գաղափարակիցներու հետ Պէյրութի մէջ հիմը դրեր էր Թէքէեան մշակութային միութեան (ԹՄՄ), որ աւելի ուշ, տակաւ առ տակաւ սփիւռքի տարբեր հայագաղութներու մէջ ունեցաւ իր մասնաճիւղերը, խանդավառելով այդ գաղափարախօսութեան շուրջ ջերմացող նորահաս սերունդները, որոնց այնքան կարիքն ունէր սփիւռքի հայութիւնը, աշխարհի չորս ծագերուն…:
9 նոյեմբերի առիթով, տասնամեակներու հեռաւորութենէ երբ կը ջանամ մտապաստառիս բերել մեծավաստակ Գերսամ Ահարոնեանի կերպարը՝ խմբագրապետի իր պաշտօնը ստանձնելուն 78-ամեակին առիթով, չեմ կրնար յուշերուս երկինքէն չհրաւիրել անունները Պէյրութի մէջ 1947-ին Թէքէեան մշակութային միութեան հիմնադիրներն եղող, Գերսամի սերնդակից փրոֆ. Բարունակ Թովմասեանի, Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի, Հայկաշէն Ուզունեանի, ճարտարապետ Յակոբ Դաւիթեանի, որոնք «Զարթօնք»ին հետ նաւարկեցին սփիւռքի նաւը, ճարտարապետները եղան մշակութային եւ ՌԱԿ-եան քաղաքական կեանքին, ջահավառեցին ճանապարհը Մեծ Երազի ու վահեանական «ոսկի կամուրջ»ը ամրապնդեցին հայ ժողովուրդի վերջին կռուան՝ Խորհրդային Հայաստանի հետ:
Կարծես մեր ներաշխարհէն ներս հայրենաշունչ յուսերգութիւնը ամրագրած՝ մեր մտածողութեան մէջ կիսաստուածներ ըլլային Գերսամի հետ յիշեալ գաղափարական տղաքը, որոնց հետ ատենին մեր յաճախակի հանդիպումներն ու անոնցմէ քաղած խորհուրդները, շատ-շատերուս համար ալ Գերսամին աշակերտելու բախտը, տակաւ առ տակաւ մեր մէջ կերտեցին Պօղոս Նուպար փաշայով պարագրկուած Բարեգործականը, Թէքէեանաշունչ մշակութանուէր գործիչը: Ըսի՝ կիսաստուածներ էին անոնք, քանզի արեւմտահայ գրական ու մշակութային տիտանները՝ Թէքէեան, Չօպանեան, Մալէզեան եւ միւսները, սփիւռքի նորահաս սերունդներու Մեծ Երազին կամրջողն եղան՝ շարունակուած Գերսամ Ահարոնեանով, որ «Զարթօնք»ի կարկահին առաջ նստած խմբագրապետ ըլլալէ բացի, եղաւ բիւրաւոր ուսանողներու հայոց պատմութեան ու աշխարհագրութեան հմտիմաց ուսուցիչը, մշակութային գործիչը, միտքի ու հոգիի վառարան ըլլալով արեւմտահայ մնացորդացին…:
Ու երբ այս առիթով ոտքի կը հանեմ անմոռաց վաստակը Գերսամ Ահարոնեանի, ամէնօրեայ մտատանջութենէ մեկնած հարց կու տամ ինծի, թէ ո՞ւր են այսօր խմբագրապետ Գերսամին բիւրաւոր աշակերտները սփիւռքի մէջ, ի՞նչ եղան Գերսամեան Մեծ Երազի ջահակիրները դառնալու խոստումով այդ ուսեալ հայ տղաքն ու աղջիկները, անոնց զաւակներն ու ջահը սերունդէ սերունդ փոխանցելու կոչուած հայորդիները, որոնց այնքա՜ն կարիքը կայ սա յուսալքիչ ժամանակներուն…:
9 նոյեմբերով աւշայորդած յոբելեար Գերսամ Ահարոնեանը ահաւասիկ: «Գալ տարի՝ Վանի մէջ» մշտավառ նշանաբանի տիտանեան տեսանողը իր անկրկնելի «Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի» (1965) կոթողային երկով՝ աւելի քան 1100 էջնոց հաստափոր հատորի արարիչ-խմբագրապետը, որ իր անխոնջ գործունէութեամբ նոր թափ, «օդի, ջուրի, հացի նման» նոր շունչ բերաւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն՝ առանցքային դերակատարութիւն ու հեղինակութիւն տալով ի՛ր իսկ խմբագրած օրաթերթին:
45 տարի առաջ, 1981-ի յունուարի ցրտասարսուռ օր մը, երբ Գերսամ Ահարոնեան տառապահիւծ փչեց իր վերջին շունչը, անոր գաղափարի ընկերները՝ ՌԱԿ-ի ողջ անդամաշարքը, ԹՄՄ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի մեծաթիւ անդամներ, մեծ խմբագրապետին ու պատմաբանին անկենդան մարմինը ուսամբարձ կը տանէին Ֆըռն Շըպպէքի Ազգային գերեզմանատուն, անոնք հոգեցունց ու արտասուազեղ աչքերով կը փակէին անողոք հիւանդութեան պատճառած եւս մէկ սեւ էջը, առանց սակայն փակելու Ահարոնեանի խմբագրապետութեամբ 33 անընդմէջ տարիներու հայ ազգային-հասարակական կեանքէն ներս անոր անշեղ գաղափարախօսութեամբ փայլակնացայտ, հայրենավառ էջերը, որոնք եղան օղակուած շարունակականութիւնը Թէքէեաններու, Չօպանեաններու, Տամատեաններու, զօրավար Անդրանիկներու, Վահէ-Հայկերու եւ Վահէ-Վահեաններու, Անդրանիկ Անդրէասեաններու եւ Բենիամին Նուրիկեաններու, Ալեք Գլըճեաններու եւ Յակոբ Ասատուրեաններու հայրենասիրական գաղափարախօսութեան, որ իր մէջ կը խտացնէր արեւմտահայոց արդար դատի եւ Կիլիկեան անմար երազը…:
Արդարեւ, Գերսամեան 1948-1981 երկարող ժամանակաշրջան մը, որ լիբանանահայ արդի պատմութեան մէջ կը ներկայացուի մեր ցեղին գրական, մշակութային, կրթական, պատմաբանասիրական ոլորտներու մէջ վերելքներու, լուսեղինացած այգաբացերով, ասոնց առընթեր՝ ներհայկական հարթակի վրայ շատ անգամ տարակարծութիւններով, չհանգող վէճերով ու… ցաւալի ընդհարումներով, սփիւռքահայու պատմութեան կաթողիկէն իր ուսերուն վրայ կրելու վիճակուած գողգոթայով՝ տարագրեալ ու հայրենազուրկ հայուն Մեծ Երազի ճամբուն վրայ…:
Չեմ իջներ 19-րդ դարէն սկսած եւ մինչեւ Մեծ Եղեռնի տարիները, դաշնագրային իրադարձութիւններով հարուստ մեր պատմութեան անդրագոյն ակունքները: Ձեր միտքի կարկահը կը հրաւիրեմ կանգ առնելու հետեւեալ ժամանակներուն.- Բ. Աշխարհամարտի վախճանէն ետք հայրենադարձութեան տարիներ, 1956-ին պայթած եկեղեցական տագնապ, Մեծ Եղեռնի յիսնամեակ (1965), հայ քաղաքական կազմակերպութիւններու՝ այսպէս կոչուած միասնականութեան հանգրուանի թեւակոխում (1975-էն սկսեալ), 1991-ով սկսած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան կամ Գ. Հանրապետութեան ժամանակներ…: Իրարմէ որոշ տարիներու հեռաւորութեամբ բայց իրարու ընդելուզուած, մեր հասարակաց ցաւերը դրուագող այս ժամանակաշրջանները պարարտ են շաղախովը հայու յոյսին, երազին, արեան ու քրտինքին, որոնք կը տարածեն փաստը մեր ժողովուրդին կերտած արդի պատմութեան ու անոր կենարար կեանքին:
Արդարեւ, Գերսամ Ահարոնեանի անունն ու գործունէութիւնները կա՛ն տիրականօրէն յիշեալ ժամանակներուն մէջ՝ մեր նորագոյն պատմութիւնը լեցնող դէպքերու հրատապութեամբ: Այդ դէպքերուն ականատես եւ ականջալուր, իրենց հետեւողական ճիգերուն կնիքը ունին Չօպանեանի, Թէքէեանի ու Մալէզեանի նման 1900-ականներու դէմքեր. այսինքն՝ մեր իրապաշտութեան ամենէն հզօր դարբինները, որոնք իրենց նկարագիրին շեշտ գիծերը, մտածման պայծառակերպութիւնը առած էին Խրիմեան Հայրիկներու, Փորթուգալեաններու, Տամատեաններու նկարագիրէն, արիւնէն:
Գերսամ Ահարոնեան յաջողելով իր ազգային առաքելութեան շաղկապել ծանրութիւնը վերոնշեալ մեր աւագներուն՝ ինքզինք պարտադրեց իբրեւ անոնց կրտսեր թեւերէն մէկը: Ան ո՛չ միայն իւրօրինակ վաստակ մը հանդիսացաւ այս առումով, այլ՝ Բ. Աշխարհամարտէն ետք մեր ժողովուրդի պատմութեան ամենէն բախտորոշ, անկիւնադարձային, խռովալի տարիներու կեանքին մէջ հզօր ու բացառիկ անհատականութիւն մը, երեւոյթ մը, որ հայուն չսպիացող վէրքին անաւարտ վէպը դուրս բերաւ լացակումած թմբիրէն, 1915-ի մեծ սուգը բերաւ սեղանին միջազգային ատեաններու, հայ դատին տալով ուղենշային նոր որակ ու պայքարի ջիղ:
Կարելի չէ շրջանցել անկշռելի գործը Գերսամ Ահարոնեանի՝ առանց տեղ մը չխորագրելու մեծ երախտիքը մեծ խմբագրապետին, որուն երկերը՝ «Մեծ երազի ճամբուն վրայ» (1964), «Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի. 1915-1965» (1965), «Խոհեր յիսնամեակի աւարտին» եւ «Հայկական հարցը արաբ ժողովուրդի հանրային կարծիքի առջեւ» (1965), «Խոհեր յիսնամեակի աւարտին» (1966, արժանացած «Հայկաշէն Ուզունեան» գրական մրցանակի), ոչ միայն ողողած են էջերը «Զարթօնք»ի, այլ բերուած են ուսանողութեան գրասեղաններուն՝ որպէս դասագիրք եւ դասաւանդում: Այդ էջերուն ոգին ու ջիղը կը տողանցեն Տամատեաններէ, Չօպանեաններէ, Թէքէեաններէ ժառանգուած բաբախումներով: Եւ ամենէն կարեւորը՝ մեր մտածման ու զգացմանց զինանոցը չվերածելով աժանկեկ փրոփականտի, խժդուժ ցոյցի, որոնց դժբախտաբար ականատեսն ենք սա ժամանակներուն, քիչ մը ամէն տեղ, Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին, երբ Հայաստանի անվտանգութեան գերխնդիրը, Արցախի կորուստն ու հայաթափումը, ասոնց պատճառահետեւանքային անձկութիւնները դամոկլեան սուրի պէս դեռ կախուած կը մնան մեր ժողովուրդի գլխուն՝ մեզ փնտռել տալով քաղաքագէտ-պատմագէտ Գերսամ Ահարոնեանը, եւ ոչ միայն…: Փնտռել կու տան հոյլը նաեւ արեւելահայ-խորհրդահայ միւս մեծերուն՝ Թումանեանի, Իսահակեանի, Չարենցի, Սեւակի խորհուրդները…:
Հալէպի Աւետարանական «Բեթել» վարժարանի, ապա «Ալեփփօ» քոլէճին մէջ ուսանելէ ետք, 1969-ին Նիւ Եորքի Ամերիկեան միջազգային ակադեմիայի Պատուաւոր Դոկտորի կոչում ստացած պատմաբան, պատմագէտ, աշխարհագրագէտ Գերսամ Ահարոնեանէն ի՛նչ որ սորվեցան հայ սերուդները, իր բիւրաւոր աշակերտները՝ Նիկոսիոյ ՀԲԸՄ-ի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ եւ Պէյրութի ՀԲԸՄ-ի Դարուհի Յակոբեան եւ Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարաններէ ներս, անտարակոյս անմար պիտի մնայ այն ՈԳԻՆ, որուն մէջ բոլոր ժամանակներուն յորդած էր Հայաստանի հանդէպ անխառն սէրն ու նուիրումը՝ պատմական հայրենիքի իրականութեամբ բաբախուն, կուսակցական-քաղաքական ամէն նկատառումէ վեր դասելով մեր վերջին մասունքը՝ Հայաստանը: Մեծ Երազով ու հայոց անժամանցելի դատով ապրելու ոգի՛ն, անոր հուրքովը բռունցքուելու՝ քալելու մեր պապերուն ակօսած Մեծ Երազի ճամբայէն…:
Իր անյողդողդ կամքով ու հաւատքով, իր նախասիրած կանաչ գրիչով (Պարոն Գերսամ կը սիրէր միշտ կանաչ գրիչով գրել ու սրբագրել), ան պայքարեցաւ՝ ի սէր իր պաշտած Հայաստանին՝ կրողն ըլլալով Ռամկավար գաղափարախօսութիւնն ու անոր սկզբունքները, իր շուրջ համախմբելով հաւատաւոր զինուորեալներու փաղանգ մը, հանդիսանալով ՌԱԿ-ի կարկառուն երախտաւորներէն ու դասուելով յառաջակարկառ ղեկավարներէն մին:
Իր մէջ անյողդողդ համոզումով անդուլ տրոփեց ազատագրութեան տեսիլքը պատմական Հայաստանի: Ան իր ծանրաբարոյ, խոհուն ու խոհեմ, այլեւ առաջնորդող ջղուտ խմբագրականներով միշտ հայեացքը ուղղեց դէպի Արարատ, արեւմտեան ստապատիր յորդորներէն ուժաքամ եւ յուսախաբ մեր ժողովուրդը պատրաստելով վաղուան Արշալոյսին՝ «Գալ տարի՝ Վանի մէջ» անշեղ նշանաբանի ուժականութեամբ:
Իր անմնացորդ գործը, վաւերակա՛ն վաստակը, իր ուսուցանած անժամանցելի դատը մեզ կը յիշեցնեն նոյեմբեր 9-ի իր տարեդարձին առիթով ըսելու՝
-Կը յիշե՛նք ու միշտ պիտի յիշե՛նք մեր եւ անմեռ Գերսամ Ահարոնեանը…:
Տասնամեակները, դարերը կ՚անցնին, բայց Գերսամեան ԵՐԱԶԸ կը մնա՛յ վառ ու անմար:
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
Պէյրութ