ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՏՔԹ. ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց սփիւռքահայ մտաւորական տքթ. Յակոբ Այնթապլեանը, որ այս շրջանին հերթական անգամ կ՚այցելէ քաղաքս: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պատրիարքարանի հրատարակչական եւ տեղեկատուական բաժանմունքներու տեսուչ Տ. Յովակիմ վրդ. Սերովբեան: Այս առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն ողջունեց երէց սերունդէ մտաւորականը, որուն կ՚ընկերանային Վահագն Զաքարեան եւ Արսէն Զաքարեան:
Զրոյցի ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան արեւմտահայերէնի հրատապ կացութեան վերաբերեալ նիւթերու շուրջ՝ մանաւանդ, որ Յակոբ Այնթապլեան իր գործունէութեան կիզակէտին կը պահէ այս նիւթը:
Եզրափակիչ փուլին Յակոբ Այնթապլեան Նորին Ամենապատուութեան նուիրեց՝ «Ես քեզի կու գամ» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն, որ հրատարակուած է վերջերս: