ՆՈՐԱՕԾ ԵՐԿՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՅՐԵՐԸ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՀԱՄԱԿՐԱՆՔԻՆ ԱՌԱՐԿԱՅ
Պոլսահայ հոգեւորականաց դասու երկու նորաօծ հայրերով լրամշակումը այս օրերուն ուրախութեան առիթ դարձած է համայնքային շրջանակներէն ներս։ Պատրիարքական Աթոռի ջանքերով հասած ու պատրաստուած նորաօծ հոգեւոր հայրերը յառաջիկայ շրջանին արդէն ծառայութեան պիտի կոչուին մեր եկեղեցւոյ մէջ։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը ձեռնադրութիւն կատարեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ:
Եւրոպահայութեան ազգային-եկեղեցական կեանքի վերակերտման ճանապարհին կարեւոր ձեռքբերում մը:
Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, որ արտասահմանի մէջ կը կատարելագործէ բարձրագոյն ուսումը, երէկ, Վարդավառի առթիւ պատարագեց Պելժիոյ Լիէժ քաղաքին մէջ, ուր տեղւոյն ծուխը յանձնուած է անոր հոգեւոր խնամքին։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Երէկ, Գումագաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Պատրիարքական Աթոռոյ ժառանգաւոր սաներէն Արտա Սրկ. Փընարճեանի եւ Գրիգոր Սրկ. Կարապետեանի քահանայական կոչման արարողութիւնը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Հայ եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման՝ (ՀԵՀԵՄ) վերջերս տեղի ունեցած համահայկական ուխտագնացութեան մասնակից պոլսահայ երիտասարդները։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը կը շարունակէ իր հայրապետական ուղեւորութիւնը դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Վեհափառ Հայրապետի կեցութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ յուլիսի 29-ը։
Մեր քահանայից դասու բարեյիշատակ անդամներէն վախճանեալ Տ. Մինաս Աւ. Քհնյ. Ճիհանկիւլեան երէկ ոգեկոչուեցաւ իր վախճանման առաջին տարելիցին առթիւ։ Առաւօտուն, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագէն վերջ հոգելոյս տէր հայրը ոգեկոչուեցաւ՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մէկտեղուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի ժառանգաւոր սաներէն տիրացու Արտա Սարկաւագ Փընարճեանի եւ տիրացու Գրիգոր Սարկաւագ Կարապետեանի հետ, որոնք այս շաբաթավերջին ձեռնադրուելով պիտի համալրեն մեր հոգեւորականաց դասու շարքերը։