ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՊԱՇՏՕՆԱՄՈՒՏ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի նորընտիր առաջնորդ Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեան պաշտօնապէս կոչուեցաւ իր նոր առաքելութեան։ Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցիէն ներս կազմակերպուած պաշտօնակալման յատուկ արարողութեան մասնակցեցան բարձրաստիճան հիւրեր։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի 95-ամեակի յոբելենական շրջանը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Դամասկոսի մէջ ընդունուեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի կողմէ։ Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանի տագնապներն ու խնդիրները։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հոգեւորականաց դասը շաբաթավերջին համալրուեցաւ երեք նոր կուսակրօնով։ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախագահեց Ս. Պատարագին, որու ընթացքին տեղի ունեցաւ նորընծաներու ձեռնադրութիւնը։
Գահիրէի մէջ կազմակերպուած Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի համաժողովի եզրափակիչ փուլին ընդունուեցաւ համատեղ յայտարարութիւն մը, ուր անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանի առկայ տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներու համագործակցութիւնը առաւել ամրապնդելու անհրաժեշտութեան։
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը (ԳՀԽ), նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, անդրադառնալով 44-օրեայ աղէտալի պատերազմէն յետոյ Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրներուն, աշխարհաքաղաքական եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն, կ՚արձանագրէ՝
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրներուն առընչութեամբ: