ՀՐԱՒԷՐ ԲԵՐԿՐԱՆՔԻ
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Պասէքի տօնը ի Հրէաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի հրէից համար կարեւոր առիթներէն էր ուխտաւորաբար Երուսաղէմ գալու, մանաւանդ առիթ՝ համախմբուելու ընդ հովանեաւ Տաճարին։ Գուցէ անոնց համար այս համախմբումը, զգեցած կրօնական բնոյթին առընթեր կը կրէր նաեւ ազգային միասնականութեան զգացումը ներշնչելու առիթ, քանի այս տօնին է, որ կը յիշէին իրենց նախահայրերուն Եգիպտոսի գերութենէն ազատագրումը, շնորհուած որպէս Աստուածային պարգեւ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Վրաստանի խորհրդարանի նախագահ Շալվա Պապուաշվիլին, որ այս օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ համայնավար բռնապետու թեան զոհ դարձած հոգեւորականներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Նահատակ հոգեւորականաց յուշապատին առջեւ տեղի ունեցաւ արարողութիւնը։
Արաբերէնէ թարգմ.՝
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Անգլիոյ խորհրդարանէն պատուիրակութիւն մը, որ վերջին օրերուն շփումներ ունեցած էր Երեւանի մէջ՝ հիւրընկալուելով Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
ԱՆՊԱ ՌԱՖԱՅԷԼ