ՓՐԱԿԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՀԵՀԵՄ-Ի ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ
Այս շաբաթավերջին Փրակի մէջ նախատեսուած է Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդաց միութեան (ՀԵՀԵՄ) Եւրոպայի շրջանային համաժողովը։ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որ նաեւ ՀԵՀԵՄ-ի հոգեւոր առաջնորդն է, պիտի նախագահէ այս համաժողովին եւ բացման խօսքով մը հանդէս պիտի գայ։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին ի Տէր հանգած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երէց միաբաններէն Տ. Վահան Ծայրագոյն Վարդապետ Պէրպէրեան։ Շաբաթ վաղ առաւօտեան ժամերուն վախճանած է ան եւ իր վերջին օծման, յուղարկաւորութեան ու թաղման կարգերը նախատեսուած են այսօր։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խորհրդաւոր ժամանակաշրջանին հայցել Աստուծոյ ողորմութիւնը՝ փրկութեան շնորհին արժանանալու համար:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Եւրոմիութեան մօտ եւ Եւրոպայէ ներս Գանատայի յատուկ բանագնաց Սթեֆան Տիոնիի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, ան իր երկրի դեսպանն է Պերլինի մօտ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով նշեց Ս. Վարդանանց զօրավարներու յիշատակութեան տօնը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Արմաւիրի թեմի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Էջմիածին։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը նշէ Սրբոց Վարդանանց յիշատակութեան տօնը։ Հայոց ազգային ինքնութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ուրոյն դիմագիծին տեսակէտէ շատ կարեւոր ու յատկանշական տօն մըն է այս մէկը։