ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ՋԵՐՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան 30 յունիս 2021 թուականին հանդիպում մը ունեցաւ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Քաղկեդոնի թեմի առաջնորդ Էմմանուէլ Մետրապոլիտին հետ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Օտեսայի (Ուքրայնա) Հայկական մշակութային կեդրոնի կիրակնօրեայ դպրոցի եւ մանկապարտէզի սաները։ Հանդիպման սկիզբին կեդրոնի տնօրէնուհի Աննա Գէորգեան Վեհափառ Հայրապետին տեղեկութիւններ փոխանցեց դպրոցի եւ մանկապարտէզի գործունէութեան շուրջ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի գահակալութեան տարեդարձը երէկ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը նշուեցաւ Անթիլիասի մէջ։
Դպրեվանքի 90-ամեակի 2020-2021 հունձքը, երեքշաբթի, 22 յունիս 2021-ի երեկոյեան, կարծես ընդելուզուելով Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի շրջափակի ցանկապատին փորագրուած հայոց պատմութեան յատկանշական հանգրուանները ներկայացնող կոթողներուն, արտացոլացուց դպրեվանքի 90-ամեայ ազգային եւ հոգեւոր շունչը, որուն ներքեւ կրթուած եւ իրենց կարգին սերունդներ կերտած են բազմաթիւ արժանաւորներ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հունգարիայէն խումբ մը ուխտաւորներ, որոնց շարքին էին երկրի փոխ-վարչապետը՝ Ժոլտ Շեմիէն եւ «Փեթեր Փազման» կաթոլիկ համալսարանէն ներկայացուցիչներ։ Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արարողակարգի բաժնի վարիչ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան եւ Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը երէկ հրապարակեց հերթական յայտարարութիւնը, որ կը վերաբերի Հայաստանի ներքին քաղաքական առկայ իրավիճակին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի յայտարարութիւնը։
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան վերջերս հովուական այցելութիւն մը տուաւ Մեքսիկա։ Համաճարակի շրջանին ան չէր կրցած այցելել մեքսիկահայութեան։
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի նախաձեռնութեամբ, նախընթաց օր, Հռոմի մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական կարեւոր հանդիպում մը։