ՌԱԿ-Ի ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՆԴՐԴՈՒԵԼԻ ԿԸ ՄՆԱՅ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԿՈՂՔԻՆ
Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) Գերագոյն խորհուրդը շաբաթավերջին հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով տեղեկացուց, թէ կը շարունակէ մնալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողքին։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեւ յառաջացած են շարք մը ցաւալի լարուածութիւններ, որոնք խոր մտահոգութիւն կ՚ընկալուին ամբողջ սփիւռքին կողմէ։
Հայաստանի Ազգային ժողովը ներկայ շաբթուան սկիզբին վաւերացուց Եւրոխորհուրդի՝ «Սեռական շահագործումէ եւ սեռական բնոյթով բռնութիւններէ երեխաներու պաշտպանութեան մասին» խորագրեալ պայմանագիրը։ Այս փաստաթուղթը Հայաստանի մէջ երկար ժամանակէ ի վեր վէճի պատճառ կը դառնայ։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ խորհրդանշական նախաձեռնութիւն:
Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեան խնձորենի մը տնկեց իր ձեռնադրութեան առաջին տարեդարձին առթիւ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եւրոպայի թեմերու առաջնորդները, հայրապետական պատուիրակներն ու առաջնորդական փոխանորդները անցեալ շաբաթավերջին առցանց խորհրդակցութիւն մը ունեցան՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ։
Տեսչութիւնը յառաջիկայ շրջանին դիմորդներու համար կը կազմակերպէ գրաւոր ու բանաւոր քննութիւն:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը ցայսօր շուրջ 600 հազար ամերիկեան տոլար արժողութեամբ միջոցներ յատկացուցած է՝ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտէն ներս:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը անխափան զօրակցութեան ծրագրեր կեանքի կը կոչէ՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, համաճարակի հետեւանքներու յաղթահարման եւ կարիքաւորներու օգնութիւն փութացնելու առաջադրութեամբ բազմակողմանի աշխատանք մը յառաջ կը տարուի։
Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ քննարկումներ՝ համաճարակով ստեղծուած կացութեան շուրջ: