ԳՀԽ-Ի ԿՈՂՄԷ ԿԱՐԵՒՈՐ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անցեալ շաբթուան մէջ տեղի ունեցած ընդլայնուած կազմով քառօրեայ նստաշրջանի արձագանգները կը շարունակուին։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկսի բարձր նախագահութեամբ գումարուած ժողովներէն վերջ հրապարակուեցան՝ ազգային-եկեղեցական կեանքի տեսակէտէ կարեւոր տեղեկութիւններ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց այն 62 հոգեւոր սպասաւորները, որոնք ծառայութիւն կը մատուցեն Հայկական զինեալ ուժերու շարքերէն ներս։ Զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդութեան ներքեւ սպասարկող հոգեւորականները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մէկտեղուեցան եռամսեայ գործունէութիւնը ամփոփելու նպատակով։
Վեհափառը կ՚ընդգծէ ազգային դիմագիծը՝ աշխարհին լաւագոյնս ներկայանալու համար:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Աւստրալիոյ նորանշանակ դեսպան Կրաէմ Միհանը, որու նստավայրը կը գտնուի Մոսկուայի մէջ։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը բարեմաղթանքներ փոխանցեց նորանշանակ դեսպանի առաքելութեան ստանձնման առթիւ։
Հայաստանի Ազգային Ժողովէն խումբ մը պատգամաւորներ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մեծ պահքի առթիւ պատգամ մը ուղղեց՝ աշխարհացրիւ իր հօտին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Մոլտովայի խորհրդարանի նախագահ Զինաիտա Կրեչանին, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի հրաւէրին ընդառաջ։ Դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին հիւր պատուիրակութեան ուղեկցեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Լենա Նազարեան։
Բարձր հովանաւորութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի մէջ ապաստան գտած սուրիահայ ընտանիքներու երեխաները։ Վեհափառ Հայրապետին ներկայացած խումբին ուղեկցեցաւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան տնօրէն Ճորճ Բարսեղեան։