ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ, ՈՐ ՅԵՂԱՇՐՋԵՑ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ամէն տարի 7 ապրիլին, Հայ Առաքեալական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ Սուրբ Մարիամ Աստուածածինին Աւետումի տօնը, այսինքն՝ այն յիշատակը, երբ Գաբրիէլ Հրեշտակապետը երեւցաւ Սուրբ Կոյսին ու անոր տուաւ աւետիսը՝ աշխարհի Փրկիչը ծնելուն եւ Անոր Մայրը դառնալուն:
Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապ մուտքը շաբաթավերջին աւանդական արարողութիւններով յիշատակուեցաւ քաղաքիս մէջ՝ համախմբելով հոծ թիւով հաւատացեալներ։
Երէկ, Մեծ պահքի Գալստեան կիրակիին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան արարողութիւններուն նախագահեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերջերս մասնակցեցաւ «Ֆոքոլարի» շարժման կողմէ պատրաստուած միջեկեղեցական համաժողովի մը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Դանիական-հայկական բարեգործական առաքելութիւն» հասարակական կազմակերպութեան ատենապետ Հ. Մայքըլ Թոմսէնն ու հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամները, որոնց ընկերացաւ նոյն կառոյցի գործադիր տնօրէն Արշաւիր Գաբուճեանը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հունգարիոյ Եկեղեցիներու Էքիւմենիք խորհուրդի պատուիրակութիւնը։ Հանդիպման ընթացքին շօշափուեցան երկու ժողովուրդներու պատմական կապերը։