ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՀԻՒՐՆԸԿԱԼԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏ ՄԸ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ ընդունեց Իսրայէլի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան Պաղեստինի գործերու գծով բաժանմունքի նորանշանակ ղեկավար Հենս Ուեչսէլը, որուն կ՚ընկերանային դեսպանութենէն այլ պատասխանատուներ։
Խաչվերացի տօնին առթիւ երէկ աւանդական արարողութիւններ տեղի ունեցան Գնալի բարձունքին։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Վեհ. Հայրապետին նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ բարձր մակարդակի խորհրդակցութիւն:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Միկէլ Անխէլ Մորաթինոսը, որ նաեւ Քաղաքակրթութիւններու դաշինքի բարձր յանձնակատարն է։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց զուիցերահայ գործարար ու յայտնի բարերար Վահէ Կապրաշը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց Հայաստանէն խումբ մը ուխտաւորներ, որոնք մասնակցած էին Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ շաբաթավերջի տարեկան Ս. Պատարագին։
Երէկ, Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի պատմական Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ տարեկան Ս. Պատարագը։ Վերանորոգութենէ վերջ այժմ թանգարանի վերածուած այս եկեղեցին հայկական ճարտարապետական ժառանգութեան միջնադարեան գլուխգործոցներէն մին կը համարուի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց ամերիկահայ ուխտաւորներու խումբ մը՝ գլխաւորութեամբ Մեսրոպ Չոպանեանի։ Հարկ է նշել, որ այս խումբը եկած է մասնակցելու՝ այս շաբաթավերջի դէպի Աղթամար ուխտագնացութեան։