ՈՒՂՂԱԿԻ ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ…
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան կաճառի տնօրէնը Պոլիսէն Երեւան վերադարձին իր տպաւորութիւնները բաժնեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին հետ:
Ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան. «Ինծի համար հետաքրքրական երեւոյթ էր՝ Հրանդ Տինքի անուամբ կոչուած հայաստանցի երախաներուն դպրոցը»:
«Կուտինայէն Երուսաղէմ՝ հմայիչ կապոյտ սալիկներու ճամբորդութեան հետքերով» դասախօսութիւն:
Երէկ, Երեւանի մէջ հիմնանորոգութեան երկարատեւ աշխատանքներէ վերջ վերաբացուեցաւ Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանը։ Ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ մեծանուն նկարիչի հերթական անգամ խոր երախտագիտութեամբ վերյիշման։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Համազգային»ի Լիբանանի մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնութիւնը պսակուեցաւ յաջողութեամբ:
Շուէտահայ նկարչուհի Թելմա Էմինեան, որ ծնած է Իսթանպուլի մէջ, Սթոքհոլմի մէջ կազմակերպեց «Մեր ժամանակները» խորագրեալ մասնաւոր ցուցահանդէս մը։ Շուէտի մօտ Հայաստանի դեսպան Արտակ Ապիտոնեանի ջանքերով կազմակերպուեցաւ այս ցուցահանդէսը անցեալ շաբաթավերջին։ Սթոքհոլմի հայկական դեսպանատան երդիքին տակ կազմակերպուած ձեռնարկը արժանացաւ գեղարուեստասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ այս ամիս Երեւանի մէջ կ՚ոգեկոչուի հայկական երաժշտութեան տիրական անուններէն Ալեքսանդր Սպենդիարեան՝ իր ծննդեան 145-ամեակին առթիւ։ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի տուն-թանգարանը նախաձեռնած է մեծանուն յօրինողի ոգեկոչման ծրագրին, որ սկսաւ երէկ ու պիտի շարունակուի մինչեւ Նոյեմբերի 20-ը։
Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչատունը ներկայիս ընթերցասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ դրած է «Գաւառէն ձայներ» անուն գործ մը, որ կողքի մը տակ կը հաւաքէ՝ Դեկտեմբեր 1962-Ապրիլ 1963 շրջանին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին մէջ լոյս տեսած համանուն ընդհանուր խորագրով պարբերաբար հրատարակուած յօդուածաշարք մը, որ այդ շրջանին արժանացած է մեծ ժողովրդականութեան եւ որու հեղինակն է հոգելոյս Տ. Շաւարշ Քհնյ. Պալըմեան։