ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԲՆԱԿԱՆ ԶԱՐԴԱԴԵՂԸ
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Անցնող շաբթուան մէջ Հայաստանի նրբաճաշակ համայնքը հետաքրքրական եւ ինքնատիպ ձեռնարկի մը ներկայ եղաւ. Հանրապետութեան հրապարակէն 300 մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Խորենացի փողոցը վեր խոյացող Երեւանի նորակառոյց շէնքերէն մէկուն՝ 2012 թուականին կառուցուած «Էլիթ փլազա» գործարար համալիրին մէջ բացուցաւ իր տեսակին մէջ եզակի ընկերութեան մը սրահը: Բնական նիւթերէ ստացուած յարդարման միջոցներու, գեղանիւթերու եւ շփանիւթերու «Նաիրիան» հայկական ընկերութիւնը (Nairian Cosmetics) ազդարարեց իր մեկնարկը: «Էլիթ փլազա»ի մէջ կը գործեն ընկերութեան թէ՛ ցուցասրահ-վաճառասրահը, թէ՛ ալ՝ գրասենեակը:
Օքսֆորտի համալսարանի Պոտլէեան գրադարանի երդիքին տակ կազմակերպուած հայկական հազուագիւտ ձեռագրերու եւ տպագրութիւններու ցուցահանդէսը առարկայ դարձած է աննախընթաց հետաքրքրութեան։ Համալսարանի հետազօտողներէն Տքթ. Ռապին Մէյէր, որ պատմական լեզուներու մասնագէտ է, այս կապակցութեամբ փոխանցած է վառ տպաւորութիւններ։ Ան կը մասնագիտանայ յունարէնի, լատիներէնի եւ հայերէնի մասնագիտութեան վրայ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մարդկային լեզուն կենդանի է եւ, ինչպէս մարդը, ան անընդհատ զարգացման ու փոփոխութեան ենթակայ է:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ