ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀՐԱԺԵՇՏԸ
Թոփգաբուի ընտանիքը նախընթաց օր խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն։ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահին մէջ տեղի ունեցած շրջանաւարտութեան հանդէսի ընթացքին ստեղծուեցաւ աննախընթաց ոգեւորութիւն։
Գումգաբուի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի այս տարուայ հունձքին։ Նախընթաց օր Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ փայլուն հանդէս մը, որով այս տարուան 13 շրջանաւարտները հրաժեշտ առին դպրոցէն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Օշին Փոլատն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Իսթանպուլի համալսարանէն խումբ մը երիտասարդներ։
ՍԷՎ հիմնարկի մէջ երէկ գումարուեցաւ հերթական ընդհանուր ժողով։ Դիւանի ատենապետ ընտրուեցաւ Հերման Պալեան, ատենադպրի պաշտօնը վստահուեցաւ Մկրտիչ Թիմուրճուօղլուին։
Այսու խոր յուզումով կը յայտնուի մերազն ժողովուրդին, թէ Պոլսահայ համայնքի կարկառուն դէմքերէն, բազմամեայ ուսուցիչ՝ Էսաեան լիսէի, բազմամեայ ատենադպիր՝ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան, նուիրեալ մշակ՝ Ս. Մեսրոպեան աւանդին, մեկենաս՝ հրատարակութեանց, հեղինակ՝ հատորներու, բարերար՝ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի, Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի, Կեդրոնական եւ Մէրամէթճեան վարժարաններու, Սուրբ Խաչ դպրեվանքի. Հայաստանի Հանրապետութենէն, նաեւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ Մաղաքիա Օրմանեան Պատրիարքի անուան շքանշանով պարգեւատրեալ՝
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ կէսօրուան ժամերուն իր մահկանացուն կնքած է թրքահայ երէց սերունդի մտաւորական դէմքերէն Արամ Գամպուրեան, որ այնքան յարգանք ու համակրանք կը վայելէր բոլորին կողմէ։
Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի առաջին դասարանի աշակերտներու ընթերցման տօնը։ Ձեռնարկը մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ՝ մինչ առաջին դասարանի սաները բոլորի գնահատանքին արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը վերջին օրերուն զանազան ձեռնարկներով մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ։ 2023-2024 կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլը թաղի Տատեան վարժարանէն ներս բնորոշուեցաւ արտասովոր ոգեւորութեամբ։
Թոփգաբուի ընտանիքը շաբաթավերջին թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շրջանաւարտից հաւաքին առթիւ ապրեցաւ մեծ հրճուանք։ Զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ բաժակի օրուան առթիւ համախմբուեցան դպրոցին մէջ։