ՇՈՒԷՏԱԿԱՆ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մասնակցեցաւ Շուէտի ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան, որ տեղի ունեցաւ մասնակցութեամբ՝ հոգեւոր առաջնորդներու, դիւանագէտներու, գործարարներու, մտաւորականներու, հասարակական գործիչներու եւ հիւրերու։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ մէկտեղուեցաւ համայնքային լիսէներու աւարտական դասարաններու աշակերտներուն հետ, որոնց շաբաթավերջի համալսարանի մտից քննութիւններուն ընդառաջ տուաւ իր օրհնութիւնը եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատիրարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մասնակցեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային տօնին (4 յուլիս) առթիւ քաղաքիս մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։
Սամաթիոյ ընտանիքը ներկայ շաբաթը մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորեց՝ Սահակեան-Նունեան վարժարանի մանկապարտէզի տարեվերջի հանդէսին շնորհիւ, որ տեղի ունեցաւ թաղի «Հրաչեայ Աճառեան» սրահին մէջ։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ չորրորդ դասարաններու շրջանաւարտութեան հանդէսը։ Դպրոցի նախակրթարանէն վկայեալ սաները ծափողջոյններու ներքեւ առարկայ դարձան Թոփգաբուի ընտանիքի պատասխանատուներու ջերմ վերաբերմունքին։
Ֆէրիգիւղի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի նշանակման հարցին մէջ նոր իրավիճակ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սաները վերջերս փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրած են միջվարժարանային գիտական մրցոյթի մը ծիրէն ներս։ Այսպէս, դպրոցի գիտական ակումբի սաները մասնակցեցան Համաշխարհային բնապահպանական հիմնարկի (WWF) Թուրքիոյ մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած՝ Բնութեան յառաջատարներու երիտասարդական խորհրդաժողովին։
Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ STEM մրցոյթը, որ երկրորդն էր իր տեսակին մէջ։ Միջվարժարանային այս նախաձեռնութիւնը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ մանկապարտէզներու տարեվերջի հանդէսը։ Ներկայ էր նաեւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մասնակցեցաւ Իտալիոյ Ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։