Թրքահայ կեանք

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄՐՑՈՅԹ

Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ STEM մրցոյթը, որ երկրորդն էր իր տեսակին մէջ։ Միջվարժարանային այս նախաձեռնութիւնը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։

ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՆԴԷՍ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ մանկապարտէզներու տարեվերջի հանդէսը։ Ներկայ էր նաեւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան:

ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՆԴԷՍ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահին մէջ, շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը։ Համանուն սանուց միութեան կողմէ ձմրան շրջանին կազմակերպուած դասընթացքներու եզրափակիչ հանդէսը առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։

ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳԸ

Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը շաբաթավերջին հանդիսաւոր համերգով մը հանդէս եկաւ՝ իր հիմնադրութեան 95-ամեակին առթիւ։ Յոբելենական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութեան եկեղեցւոյ մէջ, ուր շաբաթ երեկոյեան երաժշտասէրներու հոծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր։

ԿԱՅՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆ

Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած 2023-2024 շրջանի ձմրան դասընթացքները շաբաթավերջին եզրափակուեցան խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Ակումբի կեդրոնին, Գարակէօզեան տան եւ Տատեան վարժարանի մարզասրահներուն մէջ կազմակերպուած դասընթացքները այս տարի եւս պսակուեցան յաջողութեամբ։

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՄԷՋ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Երէկ երեկոյեան Ս. Խաչ դպրեվանքի մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական երեկոյթ մը, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Դպրոցի թատրոնի ակումբի ջանքերով պատրաստուած ներկայացում մըն էր այս մէկը, որու առանցքին կը գտնուէր անմոռանալի նկարիչ Արշիլ Կորքի։

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՎԵՐԱՊԱՏՐԱՍՏԵԱԼ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ երէկ մէկտեղուեցաւ պոլսահայ վարժարաններու կրօնագիտութեան ուսուցիչներուն հետ, որոնք անցեալ շրջանին Պատրիարքարանի կողմէ կազմակերպուած վերապատրաստման դասընթացքներուն մասնակցեցան։

Էջեր