ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մինաս Մեծատուր եւ գործակից ընկերները երէկ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց այցելեցին՝ Մայրերու օրուան ընդառաջ։ Անոնք իրենց յարգանքին ու գուրգուրանքին առարկայ դարձուցին մեր համայնքի երէց սերունդի իգական սեռի այն ներկայացուցիչները, որոնք մշտական բնակութիւն հաստատած են հիւանդանոցի ծերանոցէն ներս։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ միշտ տօնախմբութեան համազօր են Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան տարեդարձները։ Համբարձման երէկուան արարողութիւնները եկան բնորոշել հաստատութեան հիմնադրութեան 192-րդ տարեդարձը։
Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հայրը փորձած է իրաւաբանական օժանդակութիւն ապահովել Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին համար:
Մատակարար մարմինը այսօր կը տեսակցի ծնողաց միութեան ներկայացուցիչներուն հետ:
Պէզճեան Մայր վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտուհիներէն Մելանի Քուշ ուշագրաւ յաջողութիւն մը արձանագրեց՝ Թուրքիոյ մտախաղերու Դ. շարքի եզրափակիչ փուլին։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը 192 տարեկան. օր աւանդական շուքով տօնակատարութիւններու:
Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին տեսակէտէ մեծ մարտահրաւէր մը:
Երէկ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Սարօ Սիրականեանն ու անդամներէն Թանիա Գույումճու Աքարսուն։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը այս տարի եւս յաջողութեամբ կազմակերպեց միջմիութենական ճատրակի մրցաշարքը, որ 17-րդն էր իր նմաններու շարքին։ Ներկայ շաբթուան առաջին երեք օրերուն համայնքային զանազան վարժարաններէն խումբեր իրենց ուժերը չափեցին Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ։
Շիշլի մարզակումբը երէկ կազմակերպեց միջվարժարանային փոքրերու մարմնամարզի խրախճանք մը, որ տեղի ունեցաւ Աթագիւղի ողիմպիական աւանին մէջ։ Իր տեսակին մէջ երկրորդ այս նախաձեռնութիւնը ձօնուած է ակումբի հոգելոյս երախտաշատ սպասաւորներէն Պերճ Մուրատ Օքանի յիշատակին։